Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20ի երեկոյեան ժամը 7ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակին կողմէ կազմակերպուած է դասախօսական երեկոյ մը։ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներէն՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան պիտի խօսի Ս. Ծննդեան թուականներու տարբերութեանց մասին, որմէ ետք ներկաներուն առիթ պիտի տրուի հարցումներ ուղղելու։
Հրաւիրուած են յատկապէս երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, որ ներկայ ըլլան այս շահեկան դասախօսութեան, լսեն հայր սուրբին փոխանցելիք տեղեկութիւնները եւ աւելի լաւ ձեւով ընկալեն Ս. Ծննդեան իմաստը։