Նախանցեալ օր, 95 զինուոր հաշուող թրքական ջոկատ մը Մերսինի նաւահանգիստին ճամբով ուղղուեցաւ դէպի Լիբանան, ուր ան պիտի մասնակցի հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան:
Նախատեսուած էր, որ երէկ թրքական այլ ջոկատ մը հասնի Լիբանան՝ Անգարա-Պէյրութ օդային ճամբով։
Ցարդ Լիբանան հասած են 261 թուրք զինուորներ. անոնցմէ 24ը ճարտարապետներ են, իսկ 63ը՝ մեքենագործներ, որոնք կ՚աշխատին ինքնաշարժներու եւ սարքերու վրայ, որոնք անպայման զինուորական սարքեր չեն:
Թրքական ուժերը պիտի տեղադրուին Լիբանանի հարաւային Սուր քաղաքէն 8 քիլոմեթր անդին Շաաթիա գիւղին մէջ. անոնք պիտի օժանդակեն իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով քանդուած կամուրջներու վերակառուցման: