ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հոկտեմբեր 23ին, Պելոռուսի վարչապետ Սերկէյ Սիտորսքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Վարչապետ Սիտորսքիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծառատունկ կատարեց:
Նոյն օրը, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ընդունեց Սերկէյ Սիտորսքին:
Հանդիպման ընթացքին, Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ զարգացման ընթացքէն եւ նշեց, որ գործակցութեան հետագայ զարգացումին կը նպաստէ նաեւ վարչապետի ներկայ այցը:
Սերկէյ Սիտորսքի, ներկայացնելով Երեւանէն իր առաջին տպաւորութիւնները, յայտնեց, որ այստեղ կատարուող բուռն շինարարական աշխատանքները կը վկայեն երկիրի տնտեսական առաջընթացի մասին:
Կողմերը անդրադառնալով հայ-պելոռուս տնտեսական գործակցութեան, նկատեցին, որ մեծ հեռանկար ունի գործակցութիւնը բարձր եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ոսկերչութեան եւ գիւղատնտեսութեան մէջ:
Կողմերը տեղեկութիւններ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Պելոռուսի տնտեսական քաղաքականութեան, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ տիրող իրավիճակի շուրջ:
Պելոռուսի վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան ընդունեց նաեւ վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան:
Երկու վարչապետներու առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ կառավարութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպում, ուր միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներ Կարէն Ճշմարիտեան եւ Նիքոլա Զայչենքօ ներկայացուցին յանձնաժողովի վերջին՝ 6րդ նիստի յանձնարարականներու կատարման ընթացքը եւ յաջորդ նիստի օրակարգի առաջարկները:
Երկու երկիրներու դատական համակարգերու միջեւ գործակցութեան անդրադարձան Պելոռուսի գերագոյն դատարանի նախագահ Վալենթին Սուքալօ, բարձրագոյն տնտեսական դատարանի նախագահ Վիքթոր Քամենքով եւ Հայաստանի տնտեսական դատարանի նախագահ Յովհաննէս Մանուկեան:
Հանդիպումէն յետոյ, ստորագրուեցան փաստաթուղթեր: