Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք ընդդիմադիր ուժերու` ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, «Արդարութիւն» եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն միջեւ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որուն հիման վրայ ստեղծուեցաւ Միջկուսակցական համակարգող մարմինը (ՄՀՄ):
Յուշագիրին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Միջկուսակցական համակարգող մարմինը խորհրդատուական կառոյց է, որտեղ քննարկուելու են Արցախի քաղաքական դաշտի ընթացիկ ու սպասուող զարգացումները եւ անհրաժեշտութեան դէպքում եզրակացութիւններ ու առաջարկներ են ներկայացուելու համատեղ գործողութիւնների եւ միասնական դիրքորոշումների համար»:
Իր անդրանիկ նիստին ընթացքին ՄՀՄը որոշեց յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու նիւթով խորհրդատուութիւններ իրականացնել Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերու, հանրային զանազան խումբերու ու առանձին անհատներու հետ:
Միջկուսակցական համակարգող մարմինը պիտի ձգտի դառնալ հանրային-քաղաքական տեսակէտներու եւ նոր գաղափարներու համադրման կամ փոխանակման հարթակ, որուն, հիմնադիր քաղաքական ուժերէն բացի, կրնան մաս կազմել նաեւ այլ քաղաքական եւ հանրային միաւորներ։