
1 Մարտին, Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ իր նոր կեդրոնը գործարկեց Եղէգնաձորի մէջ։ Այս առիթով Եւրոպական Միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար Սթեֆանօ Թոմաթ յայտնեց, որ շուրջ 50 աշխատակիցներ արդէն Հայաստան կը գտնուին, ինչ որ թոյլ կու տայ առաքելութեան՝ սկսելու իր գործունէութեան:
Ան հաստատեց, որ առաքելութիւնը քաղաքական գործընթացին աջակցելու գործիք է, զոր պէտք է յառաջ տանին առաջին հերթին երկու կողմերը` Հայաստան եւ Ատրպէյճան:
Եւրոպական Միութեան 100 քաղաքացիական դիտորդները շուրջ տասը օր առաջ հասած էին Հայաստան:Անոնցմէ 50ը անզէն է:
Միութիւնը վերահաստատեց, որ քաղաքացիական առաքելութեան նպատակն է՝ «նպաստել սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, կառուցել վստահութիւն եւ ապահովութիւն մարդոց համար, ինչպէս նաեւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջավայրի ստեղծման»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳԾՈՎ ԼԱՒՐՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
«Հայաստան-Ադրբեջան սահմանի հայկական կողմում Եւրամիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը բխում է Հայաստանի շահերից, Հայաստանը որեւէ ցանկութիւն չունի երկիրը դարձնելու աշխարհաքաղաքական բախումների թատերաբեմ», յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան` անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը բազմաթիւ հարցեր կը յառաջացնէ եւ օրինականութեան տեսանկիւնէ կասկածելի է:
Խանդարեան շեշտեց, որ այս քայլը կը բխի Հայաստանի կարիքներէն, մանաւանդ որ նախորդ տարիներուն 3 անգամ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի յարձակման: «Եւ մենք, գնահատելով ԵՄ առաջին առաքելութեան երկամսեայ գործունէութիւնը` գտել ենք, որ այն ունի որոշակի կայունացնող դերակատարում: Եւ դրա երկարաժամկէտ տեղակայումը ՀՀ սահմանի երկայնքով կարող է որոշակիօրէն նպաստել խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորմանը եւ անվտանգութեան համար լրացուցիչ երաշխիք լինել», ըսաւ ան։
Ան նշեց, որ չ՛ուզեր գերագնահատել հնարաւորութիւնները, որովհետեւ անիկա քաղաքացիական առաքելութիւն է, սակայն տեսանելի է, որ առաքելութիւնը որոշ կայունացնող դերակատարութիւն ունի:
Անդրադառնալով Լաւրովի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ դիտարկման` Խանդայեան ըսաւ. «Հայաստանը որեւէ ցանկութիւն չունի մտնելու եւ Հայաստանը դարձնելու աշխարհաքաղաքական բախումների թատերաբեմ: Եւ այս ամէնը յայտնի է մեր բոլոր գործընկերներին: Եւ մենք տարբեր խողովակներով մեր բոլոր գործընկերներին յայտնում ենք մեր այլ գործընկերների հետ յարաբերութիւնների եւ դրանց բնոյթի մասին»: