ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 18ին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ բնակող շուրջ երկու տասնեակ հայ գործարարներու հետ: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան:
Ողջունելով ռուսահայ գործարարներու առաջին նման միասնական պատուիրակութեամբ այցը Հայաստան, Քոչարեան զայն բացատրեց հայրենիքի նկատմամբ իրենց հետաքրքրութեամբ եւ օգտակար ըլլալու ցանկութեամբ: Ըստ նախագահին, հանդիպման մասնակից գործարարներէն շատերը արդէն իսկ լուրջ ներդրումներ կատարած են Հայաստանի մէջ եւ մտադիր են զանոնք ընդլայնելու:
Խօսելով Հայաստանի մասին, գործարարները ակնյայտ համարեցին երկիրի յառաջխաղացքը եւ զարգացումը:
Քոչարեան լուսաբանութիւններ տուաւ հանդիպման մասնակիցները հետաքրքրող հարցերու առնչութեամբ, որոնց մեծամասնութիւնը կը վերաբերէր երկիրի տնտեսական, հասարակական եւ քաղաքական կեանքին: