Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային, նախագահ ընտրելու իրաւունքը կը վերապահուի Ազգային ժողովին. Արցախի խորհրդարանը 15 Մարտին առաջին ընթերցումով, միաձայնութեամբ ընդունեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին այս նախագիծը:
Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտ ճշդուեցաւ մինչեւ 21 Մարտ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ փոփոխութիւներու նախաձեռնութիւնը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանինն է:
Գործող Սահմանադրութեամբ, նախագահի մը հրաժարելուն, մահուան, լիազօրութիւններու դադրեցման կամ անոր նկատմամբ անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընելու պարագային, խորհրդարանը կը լուծարուի, տեղի կ՛ունենան նախագահի եւ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններ։ Առաջարկուող փոփոխութեամբ կարելի պիտի ըլլայ խուսափիլ Ազգային ժողովի լուծարումէն. անիկա կը շարունակէ գործել եւ կարելութիւն կ՛ունենայ նախագահ ընտրելու:
Արցախի նախագահի բանբեր Լուսինէ Աւետիսեան հերքեց այն լուրերը, ըստ որոնց, նախագահ Յարութիւնեան այս փոփոխութիւններուն նախաձեռնած է, որպէսզի իր ժամանակի աւարտէն առաջ հրաժարական տայ՝ շեշտելով, որ նախագահը չի պատրաստուիր նման քայլի դիմելու: Աւանեսեան նաեւ անտրամաբանական նկատեց այն պնդումները, թէ այս փոփոխութիւնը կը կատարուի նախագահական ժամկէտէն ետք Յարութիւնեանը դարձեալ նախագահ ընտրելու համար։