Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անընդունելի նկատեց Հայաստանի վարչապետին կողմէ՝ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջամտելու փորձերը, «Ղարաբաղի ժողովուրդ եւ իշխանութիւն» բառակապակցութեան օգտագործումը։ Այս մասին յայտարարեց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէ:
Արձագանգելով Հայաստանի վարչապետի նախօրէի յայտարարութիւններուն՝ ան դարձեալ պնդեց «հայ բնակչութեան վերահամարկման քննարկումը Ատրպէյճանի ներքին գործն է»:
«Օտար պետութիւնները չեն կրնար որեւէ դերակատարութիւն ունենալ անոր մէջ», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Հայաստանի վարչապետը պէտք է հասկնայ, որ Ղարաբաղի շրջանի հայկական ծագման բնակչութեան իրաւունքները երբեք չեն կրնար բարձր ըլլալ շրջանի ատրպէյճանցի բնակչութեան իրաւունքներէն»,։
Ասոր զուգահեռ, ան նաեւ շեշտեց, որ Երեւան դէմ է խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւնները բացառող կէտին, առ այդ, ան եզրակացուց, որ Հայաստան հետաքրքրուած չէ խաղաղութեան համաձայնագիրով:
«Այն, որ Հայաստանի վարչապետը ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ պատրաստ է ստորագրել (խաղաղութեան պայմանագիրի) նախագիծը, որուն մէջ կը նշուէին միայն Հայաստանի առաջարկները եւ նկատի չէին առնուեր Ատրպէյճանի առաջարկները, խաղաղ գործընթացի նկատմամբ անոր անտարբերութեան յաւելեալ ապացոյց է», պնդեց Հաճիզատէ:
Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ դատապարտելու եւ կանխելու «Հայաստանի այդ ապակառուցողական գործողութիւնները»:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան կը փորձէ խաղաղութեան հնարաւոր պայմանագիրի միջոցով Հայաստանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ ձեւակերպել, Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ իրականացնելու յանձնարարութիւն ձեռք բերել, ինչ որ, ըստ իրեն, հայկական կողմին համար կարմիր գիծ է: