
16 Մարտի կառավարութեան նիստին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Արցախ-Ատրպէյճան երկխօսութեան, Արցախի մէջ սպանդի կանխարգիլման, Ատրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներու բնակիչներու վերադարձին գծով միջազգային գործիքակազմերու որդեգրման կարեւորութեան մասին:
Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներու բնակչութեան վերադարձին համար Փաշինեան արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարեց պաշտօնական բանակցութիւններու սկսիլ ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու գլխաւոր յանձնակատարին հետ:
Ան ընդգծեց տեղահանուած հայերու վերադարձի միջազգային գործիքակազմի գործարկման անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց, որ այդ մասին նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ արձանագրուած է:
«Սա նշանակում է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութի շրջանի, Շուշիի, Մարտունու եւ Մարտակերտի շրջանների, Շահումեանի շրջանի, Գետաշէնի, Լաչինի եւ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից այլ շրջանների հայերի վերադարձի միջազգային մեխանիզմները (գործիքակազմերը) պէտք է գործարկուեն», յայտարարեց Փաշինեան:
Ան նաեւ ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի զանազան քաղաքներէ տեղահանուած հայեր կը դիմեն պետական մարմիններուն՝ խնդրելով նաեւ իրենց վերադարձի հարցը բարձրացնել՝ դիտել տալով, որ եռակողմ յայտարարութեան 7րդ կէտը կը վերաբերի Արցախի եւ յարակից շրջաններու գաղթականներուն եւ ներքին գաղթականներուն:
«Բայց սա, ի հարկէ, խոչընդոտ չէ, որ Բաքուի, Շիրվանի, Սումգայիթի, Կիրովաբաթի, Խանլարի, Շամխորի, Նախիջեւանի եւ Ադրբեջանի այլ շրջանների էթնիկ (ցեղային) զտման ենթարկուած հայութեան ներկայացուցիչները ինքնակազմակերպուեն եւ իրենց գոյքային, վերադարձի եւ այլ իրաւունքները պաշտպանեն միջազգային ատեաններում», աւելցուց Փաշինեան:
Արցախի ներկայ կացութեան մասին խօսելով՝ անը նախորդ օրերուն ըսած էր, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւններ կը կատարէ: Ան անյետաձգելի նկատեց ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային գործիքակազմերու ուղղութեամբ միջոցներու ձեռնարկումը:
Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ եթէ Ռուսիա որեւէ առարկայական պատճառով չի կրնար երաշխաւորել Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը, պէտք է դիմէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին՝ ահազանգելով Արցախի բնակչութեան զանգուածային սպանութիւններու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու ոչնչացման վտանգին մասին:
Ան անհանգստացնող նկատեց Արցախի մէջ ծաւալող իրադարձութիւնները՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը վիժեցնելու համար: »Ի հեճուկս միջազգային մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների՝ ընդամէնը երկու հանդիպումից յետոյ Ադրբեջանը յայտարարում է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերի հետ քննարկելու է վերաինտեգրման (վերահամարկման) թեման, մինչդեռ միջազգային պայմանաւորուածութիւնը այն մասին է, որ քննարկումը պէտք է լինի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան մասին«, ըսաւ Փաշինեան, այս պարագային եւս շեշտելով երկխօսութեան միջազգային գործիքակազմի մը կիրարումը:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Հայաստան ստացած է Ատրպէյճանի նոր առաջարկները՝ խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ՝ այսպիսով թեւակոխելով պայմանագիրի նախագիծի քննարկման 4րդ շրջափուլը: «Մենք կը քննարկենք եւ առաջիկայում կը ներկայացնենք մեր դիտարկումները: Մենք հաւատարիմ ենք ու չենք շեղուելու խաղաղութեան օրակարգից», ընդգծեց ան:
Նոյն ատեն, ան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն փաստին վրայ, որ, ի հեճուկս 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան 8րդ կէտին՝ մինչեւ հիմա Ատրպէյճան չէ վերադարձուցած հայ գերիները, պատանդները եւ այլ պահուող անձերը, նաեւ կը շարունակէ բռնագրաւման տակ պահել 1994, 2021, 2022 թուականներու յարձակման պատճառով բռնագրաւուած Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները: