Հարցազրոյցը վարեց՝ ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Զրոյց անուանի բժիշկ-սրտաբան, Նիւ Եորքի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ, բանաստեղծ Յակոբ Այնթապլեանի հետ` միասնական աշխարհաբար գրական հայերէնի քերականութեան ձեւաւորման եւ հայերէնի միասնական ուղղագրութեան կազմաւորման աշխատանքների վերաբերեալ:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Պարո՛ն Այնթապլեան, հայագէտների խմբի մասնակցութեամբ ձեռնարկել էք մի գաղափարի իրագործում, երբ լեզուի երկու ճիւղերի միաւորում պէտք է լինի, որն, ըստ էութեան, լեզուի պահպանութեան գրաւական է հանդիսանալու: Ինչի՞ց էք սկսել:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Հայերէն աշխարհաբար երկու ճիւղերուն առաւելութիւնները միաբերել եւ մաքուր հայերէնով հաղորդակցիլ գրական հայերէնով` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առաւելութիւնները միաբերել յարմարցուած գրաբարին եւ կազմել աշխարհաբար գրական հայերէն:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Ինչի՞ց էք սկսել աշխատանքները: Ըստ հերթականութեան, քայլերը որո՞նք են լինելու:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Հայագէտները պիտի ուսումնասիրեն երկու աշխարհաբար գրական հայերէնի քերականութեան գիրքերը եւ զանոնք բաղդատեն` որպէս հիմք ընդունելով գրաբարը: Այն ճիւղը, որ աւելի մօտ է գրաբարին, անիկա՛ պէտք է ընտրուի, իսկ երբ երկուքը միաժամանակ նոյն հեռաւորութիւնը ունին, ութ հայագէտները միասնաբար պիտի խորհրդակցին եւ ընտրեն արեւելահայերէնի մասը կամ արեւմտահայերէնի մասը: Հայագէտներու խումբը թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Սփիւռքէն են:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Որքա՞ն ժամանակ է անհրաժեշտ այս գաղափարի իրագործման համար:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Վեց ամիս, ամէնէն շատ` մէկ տարի: Մինչեւ տարեվերջ միասնական աշխարհաբար գրական հայերէնի քերականութիւնը կը հրատարակուի:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Ի՞նչ ենք շահելու արդիւնքում:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Արդիւնքը այն է, որ Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերուն միջեւ լեզուական խորթութիւնը, պառակտումը եւ երկփեղկումը կը վերանան: Այսինքն սփիւռքահայը, որ միասնական հայերէնով Հայաստան կու գայ, նոյն միասնական հայերէնով կը հաղորդակցի տեղացիներուն հետ: Այլեւս պիտի չըսէ` «Ես չեմ հասկնար»: Կամ Հայաստանի հայը պիտի չըսէ, որ այդ մէկը արեւմտահայերէն է, եւ ես «չեմ կարող կարդալ»: Ուղղագրութիւնը նոյնպէս պէտք է դառնայ միասնական` հիմնուած դասական ուղղագրութեան վրայ: Աբեղեանական ուղղագրութիւնը, որ խեղաթիւրութիւն է, պէտք է վերանայ:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Իսկ խնդիրներ չե՞ն առաջանայ արդէն եղած գրականութիւնը վերափոխելու գործում: Թէ՞ դա այդպէս կը մնայ, պարզապէս նոր ստեղծուողները կը փոխուին:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Հարցը այն է, որ եղածը պէտք է մնայ, եւ կարիք չկայ վերածելու: Նորը, որ կը սկսի, միասնական հիմք կ՛ունենայ:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Եւ ամէն ինչ սկսուելու է մանկապարտէզից, դպրոցից:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Այո՛: Այսինքն 15 տարի ետք Հայաստան եւ Սփիւռք միասնական պիտի գրեն: Գրական հայերէն պիտի ունենան: Եթէ կան անձինք, որոնք կը նախընտրեն արեւմտահայերէն գրել` թող գրեն: Անոնք, որոնք արեւելահայերէն կ՛ուզեն գրել, թող գրեն: Բայց ուղղագրութիւնը միասնական կ՛ըլլայ: Այլեւս չի մնար աբեղեանական ուղղագրութիւն:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Այնուամենայնիւ, այս գաղափարը ընդդիմութեան կ՛արժանանայ:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Ընդդիմութիւնը պէտք է տրամաբանօրէն արդարացնէ հակաճառութիւնը:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Պէտք է ստեղծուեն դասագրքեր:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Հայաստանը պէտք է պետականօրէն հաստատէ այդ միասնական հայերէնի քերականութեան գիրքը, որպէսզի դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի: Բաւական քարոզչութիւն պէտք է ընենք, որպէսզի հանրութիւնը քաջալերէ, ըսէ, որ ճիշդ քայլ առնուած է, ընդունի, որ նախորդը սխալ է, զայն դատապարտէ եւ սկսի աւելի ճիշդը գործածել:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Իսկ բանաւոր խօսքի եւ գրաւոր խօսքի միջեւ հակասութիւն չի՞ առաջանայ:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Ո՛չ, բանաւորը նոյնը կը մնայ` թէ՛ արեւելահայերէնի եւ թէ՛ արեւմտահայերէնի մէջ: Մենք կը խօսինք գրական հայերէնի վերաբերեալ, ինչպէս` արաբական երկրները, որոնք ունին իրենց բանաւոր արաբերէնը, որ սակայն տարբեր է մէկ երկրէն միւսին մէջ: Գրականը նոյնն է: Մենք կը վերադառնանք եւ կը վերահաստատենք հիմքը` դասական ուղղագրութիւնը: Արեւմտահայերէնը հիմնականօրէն ներկայիս կը կիրարկէ դասական ուղղագրութիւնը, իսկ արեւելահայերէնը` աբեղեանականը, որ պէտք է վերացուի:
ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ.- Ո՞րն է այս փուլում նախարարութեան, պետութեան դերակատարութիւնը:
ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ.- Ժաննա Անդրէասեանը կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթին եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար էր, երբ դիմեցինք իրեն: Ան ըսաւ, որ այս հարցով պէտք է դիմենք Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեանին: Վերջինիս 2-3 շաբաթ առաջ գրաւոր դիմած ենք, սակայն մինչեւ հիմա պատասխան չենք ստացած: Հիմնական նպատակը պէտք է հիմնուի լեզուական միասնութեան վրայ: Ներկայիս այդ միասնութիւնը դժբախտաբար չունինք: Հիմնական նպատակը ազգային միասնութիւնն է` հիմնուած միասնական հայերէնի վրայ: