Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի լրագրողի մը խնդրանքով անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբուն` Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման:
«Բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ մեղմացնելու լարուածութիւնը: Մենք չենք փափաքիր տեսնել որեւէ բռնութիւն, եւ կ՛ուզենք, որ բոլոր կողմերը ձեռնարկեն համապատասխան քայլերու` լարուածութիւնը թուլցնելու եւ բռնութիւնը դադրեցնելու համար», ըսաւ ան:
Ան չուզեց պատասխանել Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան վերաբերեալ հարցումին։