
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ 21 Մարտին հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Նազելի Համբարձումեանի հետ, որ ընդհանուր հիւպատոսի բացակայութեան ստանձնած է անոր պարտականութիւնները։
Կեդրոնական կոմիտէն իր մտահոգութիւնները փոխանցեց Արցախի մէջ կացութեան վատթարացման նկատմամբ, յատկապէս Բերձորի (Լաչին) անցքին առաւել քան 100 օրերէ ի վեր փակ մնալուն պատճառով, որ ճգնաժամի մատնած է արցախահայութիւնը։
Համբարձումեանին հաղորդուեցաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին համար Արցախի ժողվուրդի ինքնորշման իրաւունքի ապահովումը եւ Արցախի պետականութեան ու բանակին ամրապնդումը առաջնահերթութիւններ կը մնան եւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այդ նպատակով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Կեդրոնական կոմիտէին տարած եւ տարուող աշխատանքներուն մասին։
Շեշտուեցաւ, թէ համայնքը պէտք է մղել աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու այսպիսի աշխատանքներու։ Քննուեցան նաեւ Սփիւռքի կարելիութիւնները Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման ի սպաս դնելու կարելիութիւնները։
Նկատի ունենալով, որ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանը Հայաստանի պետութեան եւ ոչ թէ կառավարութեան ներկայացուցիչն է՝ Կեդրոնական կոմիտէն խոստացաւ սատարել անոր գործունէութեան՝ աւելցնելով, որ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը յոյժ կարեւոր մասնիկն է համայն հայութեան, առ այդ, պէտք է անյապաղ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի նոր ընդհանուր հիւպատոս մը նշանակուի։
Աւարտին, հիւպատոսին յանձնուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու մօտ դեսպան նշանակուած Արմէն Գարոյի յուշագրական «Ապրուած Օրեր» հատորէն օրինակ մը։
Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին տոքթ. Քարմէն Օհանեան (ներկայացուցիչ), դոկտ. Յարութ Մկրտիչեան, Արթօ Քէօլէեան, Թորոս Զ. Քէչէճեան, Թամար Ուրիշեան, Վահան Պզտիկեան, տոքթ. Հրայր Գութնույեան, Մանուկ Չուխաճեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան, որ համայնքի կազմակերպութիւններուն հետ Կեդրոնական կոմիտէի կապն է։