Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն՝ Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնեցան վերաբանալ յաջորդաբար Ռիատի եւ Դամասկոսի իրենց դեսպանատուները` իրենց միջեւ դիւանագիտական կապերու խզումէն առաւել քան տասը տարի ետք:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իր իրանցի պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը շնորհաւորեց Ռամատանի առիթով` ողջունելով «երկու երկիրներուն միջեւ բնական յարաբերութիւններու վերականգնումը»: Ապտոլլահեան իր կարգին նոյն առիթով շնորհաւորեց իր սէուտցի պաշտօնակիցը` վստահեցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Ռիատի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու: Կողմերը նաեւ համաձայնեցան մօտ օրէն գումարել ժողով մը` նախապատրաստելու համար երկու երկիրներուն միջեւ դեսպանատուները եւ հիւպատոսարանները վերաբանալու աշխատանքը:
Նաեւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Ռամատանի առիթով շնորհաւորեց իր իրանցի իր պաշտօնակիցը եւ ողջունեց Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը` շեշտելով, որ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձը կարեւոր զարգացում մըն է, որ շրջանի շահերէն կը բխի: Անոնք քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ շրջանային ու միջազգային բեմերու վրայ հասարակաց հետաքրքրութիւն նկատուող կարգ մը հարցեր: