
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Գրական միաւորին՝ Հինգշաբթի, 30 Մարտին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Դաւիթ Խաչիեանի «Պատերազմ» հատորի ներկայացումը՝ հեղինակին մասնակցութեամբ։
Հատորը պիտի ներկայացնէ Սարօ Նազարեան։
Ներկայացման կարելի է հետեւիլ Zoom հարթակին միջոցաւ (Meeting ID: 864 7185 3213, Passcode: 406800)։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 216-9935 թիւին։