Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ շուրջ 8 տարի երկարած տեղակայումէն պիտի չհրաժարի:
«Անցնող քանի մը օրուան պատահածներուն պատճառով, Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութեան որեւէ փոփոխութիւն չկատարուեցաւ», յայտարարեց Սպիտակ տան բանբեր Ճան Քըրպի՝ աւելցնելով, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ դնելու առաքելութիւնը կը շարունակուի:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելքը գտնուող քարիւղի դաշտերուն մէջ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի երկու ռազմակայաններ հրթիռային յարձակումի ենթարկուած էին: Ամերիկացի մը սպաննուեցաւ եւ վեց զինուորներ վիրաւորուեցան անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին պատչառով: Ամերիկեան բանակը հակադարձեց արեւելեան Սուրիոյ մէջ գտնուող եւ Իրանի մօտիկ զինեալ խմբաւորումներու կեդրոնները բուռն կերպով ռմբակոծելով եւ սպաննելով առնուազն 19 զինեալներ:
Թեհրան դատապարտեց ամերիկեան ռմբակոծումը։