ՀԱՊԿը պատրաստ է իրագործելու Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին առաքելութիւն մը տեղակայելու ծրագիրները` մեկնելով Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորման շահերէն: Այս մասին RTVI-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Մեր կողմէ կը հաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը` Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորման շահերէն մեկնելով, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ՀԱՊԿի առաքելութիւն մը տեղակայելու ծրագիրներու իրագործման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ աջակցութեան այլ ծրագիրներուն, որոնք ամրագրուած են Հանրապետութեան օգնութիւն ցուցաբերելու մասին ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան որոշման նախագիծին մէջ: Մենք պատրաստ ենք այս աշխատանքին ճիշդ նոյն չափով, որքան ինք` Հայաստան», յայտնեց ան։
Կալուզին դիտել տուաւ, թէ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ ՀԱՊԿի միւս անդամներուն հետ Երեւանի փոխգործակցութեան բնոյթին վերաբերեալ վնասակար քննարկումները դադրին, եւ այդ գծով ծագած հարցերը կառուցողական լուծում ստանան: Այս այս մասին ան կ՛ակնարէր՝ նկատի ունենալով Հայաստանի տարածքին մէջ կազմակերպութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը եւ անկէ յառաջացած տարակարծութիւնները։
Ան խօսեցաւ նաեւ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ, «դժուարութիւններուն մասին»` նշելով, որ առանց անոնց չի գործեր միջազգային որեւէ կառոյց, որ «իրական գործնական աշխատանք կատարէ՝ մեկնելով իր բոլոր անդամներուն շահերէն»: