Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Փասատինայի մասնաճիւղի Հայրերու օրուան նշումը տեղի ունեցաւ Յունիս 10ի կէսօրէ ետք ժամը 1ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Անտոնեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 30 անդամուհիներու եւ հիւրերու։ Շրջանիս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Պապոշեան եւ հիւրաբար ներկայ գտնուող Նարեկ քհնյ. Փէհլիվանեան օրհնեցին սեղանները եւ սեղանակիցները։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարի Թրթռեան բացուած յայտարարեց հաւաքոյթը, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։
Սպասարկուեցաւ ճաշը, որ նուիրուած էր Մարի Թրթռեանի եւ զաւակներուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց հօր եւ եղբօր՝ Հայկ եւ Հրաչ Թրթռեաններու։ Հայրերու տօնին ուրախ առիթով, «Տարուան հայր» ընտրուեցաւ անխոնջ նուիրեալ եւ պարտաճանաչ Խորէն քհնյ. Պապոշեան։
Գնահատագիրի յուշատախտակը եւ ծաղկեփունջը ստանալէ ետք, տէր հայրը իր սրտին խօսքը արտասանեց, շնորհակալութիւն յայտնելով Փասատինայի Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան վարչութեան եւ ներկաներուն, իրենց ազնիւ զգացումին եւ գաղափարին համար։ Ան նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը Նարեկ քհնյ. Փէհլիվանեանի, որ յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուած էր, որպէս նախկին հոգեւոր հովիւ։
Խորէն քհնյ. Պապոշեան իր խօսքի աւարտին յուզումնախառն կերպով շնորհաւորեց բոլոր հայրերը՝ ըլլան անոնք հոգեւոր հայր եւ թէ աշխարհական: Ան շեշտեց եւ գնահատեց ընտանիքէն ներս հօր մը տածած սէրը, յարգանքն ու պատասխանատուութիւնը հանդէպ կնոջ եւ զաւակներուն, հայ ընտանիքի պահպանման, կենսունակութեան ու բարգաւաճման ի խնդիր։
Ապա վարչութեան եւ անդամուհիներուն հետ յիշատակի պատկերներ առնուեցան եւ ներկաները շնորհաւորեցին տէր հայրը, իբրեւ բարի ու քաջ հովիւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր հոգեւոր ծառայական անդաստանէն ներս, մասնաւորաբար հովիւ եւ հօտ յարաբերութեան զարգացման եւ կենսունակութեան ի խնդիր։
Ատենապետուհին իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Նարեկ քհնյ. Փէհլիվանեանին, որ իր ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացաւ այս ձեռնարկի յաջողութեան, ապա գեղեցիկ ծաղկեփունջով մը պատուեց զինք։
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ուր Վարդուհի Սահակեան Հայրերու տօնին նուիրուած երգեր երգեց, խանդավառելով ներկաները, որոնք ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն։