Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, որուն յաղթահարման առումով Փաշինեան կարեւոր նկատեց Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը:
Քննարկուեցան 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի եւ 31 Հոկտեմբեր 2022ի` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացման, որոնց կարգին տարածաշրջանային երթեւեկի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցեր:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն եւ անոնց վերաբերող այլ զարգացումներու շուրջ: