Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 12 Ապրիլին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Ատրպէյճան եւ Հայաստան ընդունեցին Ռուսիոյ մէջ հանդիպելու առաջարկը` քննարկելու համար կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը: Ան յայտնեց, որ երբ ամէն ինչ վերջնականապէս համադրուի, այն ատեն ժամկէտին մասին պիտի յայտարարուի:
«Մեր ջանքերը պիտի չթուլնան` բազմակողմանիօրէն աջակցելու համար Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, նախապատրաստելու խաղաղութեան համաձայնագիրը այդ երկիրներուն միջեւ», ըսաւ Զախարովա:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յառաջիկայ հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չյայտնեց եւ միայն փոխանցեց, թէ նախարարին այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն մասին տեղեակ պիտի պահուի յարմար պահու։
Զախարովա օր մը առաջուան զինուած ընդհարման մասին խօսելով՝ յայտնեց, թէ տեղի ունեցածը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Պաքու եւ Երեւան պէտք է փոխադարձաբար զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ անշեղօրէն հաւատարիմ մնան Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներու եռակողմ համաձայնութիւններուն:
Ըստ անոր` 11 Ապրիլի միջադէպի շրջանին մէջ գտնուող Ռուսիոյ զինուած ուժերու եւ սահմանապահներու ներկայացուցիչները անյապաղ կապուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համապատասխան մարմիններուն հետ եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու միջոցներու ձեռնարկած։