
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:
Ըստ «Արապիա» կայանին՝ պըն Ֆարհան Ասատի հետ քննարկեց «Սուրիան պահպանող քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար թափուած ջանքերը»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց. «Թագաւորութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիան իր արաբական շրջապատ վերադարձնելու»՝ աւելցնելով. «Արտաքին գործոց նախարարին Սուրիա այցելութիւնը տագնապին քաղաքական լուծման հասնելու թագաւորութեան նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ է»:
Պըն Ֆարհան իշխանը Սուրիոյ նախագահին յայտնեց, որ թագաւորութիւնը նախանձախնդիր է Սուրիոյ միութեան, ինքնութեան եւ ապահովութեան պահպանումին՝ շեշտելով Սուրիոյ բոլոր հողերուն վրայ կարիքաւորներուն օժանդակութիւն հասցնելու մթնոլորտ ապահովելու կարեւորութիւնը:
«Նախագահ Ասատ պըն Ֆարհանի ճամբով Սալման թագաւորին եւ գահաժառանգին յայտնեց իր ողջոյնները՝ ընդգծելով, որ արաբները միացնող եղբայրութիւնը կը մնայ ամէնէն խորը», իր կարգին հաղորդեց Սուրիոյ նախագահական պալատը:
«Աշխարհի վրայ արձանագրուող փոփոխութիւնները արաբական համագործակցութիւնը ներկայ փուլին աւելի կարեւոր կը դարձնեն։ Սէուտական Արաբիոյ կիրարկած բաց եւ իրապաշտ քաղաքականութիւնները ի շահ արաբական պետութիւններուն եւ շրջանին են», ըսաւ Ասատ:
Այս մէկը անցնող 12 տարիներուն ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի մը առաջին այցելութիւնն էր Սուրիա: