«Արցախփրէս» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան յայտնեց, որ իրենք բացարձակապէս անընդունելի կը նկատեն Ալիեւի վերջնագրային յայտարարութիւնները եւ նոր պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները: «Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները հաւատարիմ են իրենց կողմից ընտրուած ազատութեան եւ անկախութեան ուղուն, եւ Ադրբեջանի կողմից ստեղծուած ոչ մի դժուարութիւն կամ սպառնալիք չի կարող ստիպել մեզ շեղուել այս ուղուց», ըսաւ ան:
Ղազարեան շեշտեց, թէ առաջին անգամ չէ, որ Ալիեւ կ՛ընէ յայտարարութիւններ, որոնց մէջ կը ցոլան Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու եւ Արցախի բնիկ ժողովուրդը իր պատմական հայրենիքէն վտարելու ատրպէյճանական նպատակները:
«Այն փաստը, որ Ադրբեջանի ղեկավարութիւնն արդէն չի էլ թաքցնում իր յանցաւոր մտադրութիւնները, վկայում է Արցախի շարունակուող շրջափակման դադարեցման եւ Ադրբեջանի ցեղասպան մտադրութիւնների կասեցման ուղղութեամբ միջազգային արձագանգի եւ ներգրաւուածութեան բաւարար չլինելու մասին: Փաստօրէն, Ադրբեջանի իշխանութիւնները, գործելով բացարձակ անպատժելիութեան ու ամենաթողութեան մթնոլորտում, էլ աւելի են ընդլայնում ինչպէս Արցախի, այնպէս էլ Հայաստանի ժողովրդի դէմ իրականացուող յանցագործութիւնների ծաւալներն ու աշխարհագրութիւնը: Այս կապակցութեամբ կը ցանկանայի ընդգծել, որ պետութիւններն, անհատապէս եւ հաւաքականօրէն, պարտաւոր են ձեռնարկել արդիւնաւէտ եւ վճռական քայլեր՝ կանխելու ամենածանր յանցագործութիւնները, առաջին հերթին ցեղասպանութիւնն ու մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները՝ ներառեալ էթնիկ (ցեղային) զտումները եւ անօրինական տեղահանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, նման յանցագործութիւնների կանխման անմիջական պատասխանատուութիւնը կրում է ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը՝ մարմին, որը ոչ միայն ունի համապատասխան մանդատ (յանձնարարութիւն), այլ նաեւ օժտուած է անհրաժեշտ գործիքակազմով՝ կասեցնելու Արցախի եւ նրա ժողովրդի նկատմամբ Ադրբեջանի յանցաւոր մտադրութիւնները», ըսաւ Ղազարեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ Ատրպէյճանի նախագահին այն պնդումը, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ներքին գործն է՝ Ղազարեան ըսաւ, որ ոչ մէկ ատեն ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ դիտարկուած իբրեւ Ատրպէյճանի ներքին գործ։ «Այդ մասին է վկայում այն փաստը, որ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի), Հայաստանի եւ Ադրբեջանի անկախացումից յետոյ միջազգային հանրութիւնը ստեղծել է ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման յատուկ մեխանիզմ (գործիքակազմ)՝ Մինսկի գործընթացը: Արցախի վերջնական քաղաքական կարգավիճակը որոշելու համար միջազգային ձեւաչափ ստեղծելու որոշումը վկայում է այն մասին, որ միջազգային հանրութիւնն Արցախը չի ճանաչել որպէս անկախ Ադրբեջանի մաս: Իր հերթին, Մինսկի գործընթացին մասնակցելու Ադրբեջանի համաձայնութիւնը նոյնպէս ճանաչումն է այն փաստի, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը Ադրբեջանի ներքին գործը չէ», հաստատեց ան:
Բացի այդ, Ղազարեան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմը միշտ ընդգծած է, որ այս հակամարտութիւնը նախ եւ առաջ մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու, եւ առաջին հերթին՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի հարց է: «Այս առումով, միջազգային, այդ թւում՝ Ադրբեջան պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւնների համաձայն, մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների հիմնախնդիրներն ուղղակի եւ օրինական հետաքրքրութիւն են ներկայացնում բոլոր պետութիւնների համար եւ չեն հանդիսանում բացառապէս որեւէ պետութեան ներքին գործը», նշեց ան:
Ղազարեան դիտել տուաւ, որ շարունակուող շրջափակման, Արցախի ժողովուրդի անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու զանգուածային խախտումներու եւ այլ թշնամական գործողութիւններու պայմաններուն մէջ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը իբրեւ իր ներքին գործը ներկայացնելու պաշտօնական Պաքուի ձգտումը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ բացայայտ փորձ է միջազգային հանրութենէն ստանալու «քարթ պլանշ» Արցախի տարածքին ցեղային զտումները եւ բնիկ ժողովուրդը հայրենի հողերէն վտարելը շարունակելու համար: «Բացարձակապէս անընդունելի ենք համարում Ալիեւի վերջնագրային յայտարարութիւնները եւ նոր պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները: Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները հաւատարիմ են իրենց կողմից ընտրուած ազատութեան եւ անկախութեան ուղուն, եւ Ադրբեջանի կողմից ստեղծուած ոչ մի դժուարութիւն կամ սպառնալիք չի կարող ստիպել մեզ շեղուել այս ուղուց», յայտնեց ան:
Խօսելով Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու հաւանականութեան մասին՝ նախարարը ըսաւ, որ Արցախը միշտ հաւատարիմ է ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: «Կարծում ենք, որ տարածաշրջանում տեւական խաղաղութիւն կարող է ու պէտք է ձեռք բերուի բանակցութիւնների միջոցով եւ փոխընդունելի մօտեցումների հիման վրայ: Միակողմանի հարկադրման միջոցներով, իհարկէ, կարելի է սառեցնել խնդիրը, սակայն դա ժամանակաւոր բնոյթ է կրելու, ինչի վկայութիւնն է Արցախի 70ամեայ գոյութիւնը ադրբեջանական ԽՍՀ կազմում: Ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերը պէտք է քննարկուեն համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանաչուած բանակցային ձեւաչափով՝ կողմերի իրաւահաւասարութեան հիման վրայ եւ նրանց կողմից ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարման ամուր միջազգային երաշխիքների առկայութեան պայմաններում»:
Ան յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ քաղաքականացնել մարդասիրական նպատակներով կապ հաստատելու փորձերը՝ հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային գործիքակազմի անհրաժեշտութիւնը բացառելու նպատակով: «Մերժելով պաշտօնական Ստեփանակերտի հետ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմը՝ Ադրբեջանը փորձում է խուսափել հնարաւոր պայմանաւորուածութիւնների իրականացումից: Արցախի եւ Ադրբեջանի միջեւ երկխօսութեան մէջ միջազգային հանրութեան ներգրաւումը միակ ճանապարհն է՝ երաշխաւորելու հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը», նշեց Ղազարեան:
Լրագրող մը հարցուց, թէ ինչպէ՛ս կը մօտենայ Ատրպէյճանի այն պնդման, որ, 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, միութենական հանրապետութիւններուն միջեւ սահմանները կը նկատուին պետական եւ, հետեւաբար, Ղարաբաղը կը նկատուի իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս:
«Նախ, պէտք է նշել, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրը երբեք չի դիտարկուել որպէս ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման կամ Արցախի կարգավիճակի որոշման քաղաքական եւ իրաւական հիմք: Դրա մասին է վկայում այն փաստը, որ մինչ հռչակագրի ընդունումը, Ռուսաստանի եւ Ղազախստանի միջնորդութեամբ Ժելեզնովոդսկի գործընթացի շրջանակներում արդէն մի քանի ամիս ընթանում էին բանակցութիւններ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ: Համապատասխան հռչակագրի ստորագրումից յետոյ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը շարունակուել է Ռուսաստանի, ԱՊՀ, ԵԱՀԽ/ԵԱՀԿ միջնորդութեամբ: Բանակցային գործընթացի շրջանակներում միջազգային միջնորդները մշակել են կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներ եւ տարրեր, որոնց համաձայն Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուէր նրա բնակչութեան պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող կամարտայայտութեան միջոցով: Այսպիսով, ճանաչուեց Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ առաջարկուեց մեխանիզմ դրա իրացման համար: Այսպէս, հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերը եւ միջազգային միջնորդները կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները մշակելիս չեն առաջնորդուել Ալմա Աթայի հռչակագրով: Աւելին, Ալմա Աթայի հռչակագիրը, ինչպէս եւ ցանկացած միջազգային փաստաթուղթ, պէտք է առաջնորդուի ՄԱԿի Կանոնադրութեան նպատակներով ու սկզբունքներով, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի այլ համընդհանուր նորմերով: Հետեւաբար, Ալմա Աթայի հռչակագիրը պարունակում է նոյն սկզբունքներն ու նորմերը, ինչ ՄԱԿի Կանոնադրութիւնը, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքը: Այս առումով հարկ ենք համարում ընդգծել, որ մարդու իրաւունքների զանգուածային լուրջ խախտումների եւ խտրական քաղաքականութեան վարման դէպքերում՝ ազգերի ինքնորոշման սկզբունքի վրայ հիմնուած անջատման իրաւունքը գերակայում է պետութիւնների տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի նկատմամբ: Տուեալ բանաձեւը, մասնաւորապէս, նկարագրուած է Պետութիւնների միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններին եւ համագործակցութեանը վերաբերող միջազգային իրաւունքի սկզբունքների մասին հռչակագրում, ինչպէս նաեւ ամրագրուած է տարբեր երկրների դատական պրակտիկայում», եզրափակեց Սերգէյ Ղազարեան: