Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 19 Ապրիլին ընդունեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենը, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Քոհեն Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ «Իսրայէլէն Ատրպէյճան եկած եմ ցարդ մեծագոյն պատուիրակութեամբ»:
«Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները ռազմավարական են, առ այդ, Իսրայէլի մէջ դեսպանատան բացումէն ետք ես որոշեցի ձեր գեղեցիկ երկիրը գալ: Մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունինք ատրպէյճանցի եւ հրեայ ժողովուրդի եւ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ: Մենք Ատրպէյճանը կը նկատենք ռազմավարական գործընկեր», ըսաւ ան: