Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժինի Շոշի բաժանմունքի աւագ տեղամասային տեսուչը զեկուցագիր ներկայացուց այն մասին, որ 18 Ապրիլին, ժամը 12ի շուրջ, Ասկերանի շրջանի բռնագրաւուած Ակնաղբիւր գիւղի վարչական տարածքին մէջ՝ հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող ցանքատարածքներուն մէջ, գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձիգներով կրակ բացին խումբ մը քաղաքացիներու ուղղութեամբ:
Գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրեցան: Լուր տրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին: