Վրաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կը սերտանան եւ երկու երկիրներուն միջեւ արդէն աւարտած են ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի մը ստորագրութեան ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքները։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի այցելեց Իսրայէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ։ Իսրայէլի տնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան նախարար Նիր Պարքաթի հետ ան ստորագրեց հռչակագիր մը, որ կը վերաբերի ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններու աւարտած ըլլալուն։
Տարչիաշվիլի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի նախագահ Իցաք Հերցոկի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի հետ։