Միացեալ Նահանգները կը ճանչնայ Իսրայէլի ազատ գործելու իրաւունքը, եթէ Իրան փորձէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվըն՝ խօսք արտասանելով Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան Ուաշինկթընի հիմնարկին մէջ:
«Մենք Իրանին հասկցուցած ենք, որ ոչ մէկ պարագայի իրեն պիտի արտօնուի հիւլէական զէնք ձեռք բերել: Ինչպէս նախագահ Ճօ Պայտըն բազմաթիւ անգամներ հաստատած է, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերու այս յայտարարութիւնը պաշտպանելու համար, ներառեալ՝ ճանչնալ Իսրայէլի գործողութիւններու ազատութիւնը», ըսաւ ան:
Ըստ Սալըվընի՝ Միացեալ Նահանգները Իրանի հետ կը շարունակէ հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ «դիւանագիտական համագործակցութիւնը»: