Շաբաթ, 29 Ապրիլին, Գանատայի ՀՕՄին եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական՝ «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ այլ հարթակներով հրապարակուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմինին աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը՝ 6 Փետրուարին Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին պատճառաւ սուրիահայութեան մատակարարուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ:
«Հայ Հորիզոն» պատկերասփիւռի ժամին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի առաջին բաժինով հանդէս եկաւ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լուսին Ժամկոչեան Փալանճեան, որ ըսաւ հետեւեալը. «6 Փետրուարին պատահած աղէտը ցնցեց ամբողջ հայութիւնը, Սուրիայէն մինչեւ այս ցամաքամասը: Մեր կեդրոններուն շուրջ հաւաքուած հայութիւնը՝ երիտասարդ եւ պատանի, միջին տարիքի կամ տարեց, մեր դպրոցներու աշակերտութիւնը եւ մինչեւ իսկ ոչ-հայաշատ քաղաքներու մէջ ապրող գանատահայը իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձուց սուրիահայութիւնը»: Ապա ան իր խօսքը աւարտեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՕՄուհիներուն՝ իրենց տարած տքնաջան աշխատանքին առթիւ, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն եւ ամբողջ գանատահայութեան, որոնք, հաւատալով ՀՕՄի առաքելութեան եւ վստահելով անոր գործելաոճին՝ անսակարկ նուիրումով իրենց լուման բերին սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, որ դրուատեց Գանատահայ գաղութին լիաբուռն մասնակցութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան, ՀՕՄին եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ յանձնախումբի կամաւորներուն եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Սուրիոյ Երկրաշարժի Օժանդակութեան Գանատայի մարմինի ատենապետուհի եւ ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ Անի Հոթոյեան Ժոլի հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ նշեալ Օժանդակութեան մարմինի կազմաւորման եւ նպատակին մասին, ապա անդրադարձաւ Գանատայի ամբողջ տարածքին անհատական կերպով եւ միութիւններու կողմէ եղած նուիրատուութիւններու գործընթացին, որուն իբրեւ արդիւնք հանգանակուած էր 150,000 ամերիկեան տոլար. կէսը արդէն փոխանցուած է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, իսկ մնացեալը՝ շուտով կ՛ուղարկուի:
Ապա ցուցադրուեցան Գանատայի տարածքին կատարուած ձեռնարկներէն, միջոցառումներէն եւ աշխատանքներերէն լուսանկարներ, որոնց բոլորին հասոյթները տրամադրուեցան վերոնշեալ մարմինին:
Տեսերիզի երկրորդ բաժինով վաւերագրական անդրադարձ մը կատարուած էր Հալէպի նախապատերազմեան մշակութային, ազգային-կրթական եւ հայապահպանման երկարամեայ փառահեղ ընթացքին, ապա պատերազմին եւ վերջերս զայն հարուածած աղէտալի երկրաշարժին: Մանրամասն տեղեկագրութեամբ ներկայացուած էին բոլոր այն ծառայութիւնները եւ օժանդակութիւնները, որոնք տրամադրուած են աղէտեալ ժողովուրդին, եւ որոնց իբրեւ ապաստան ծառայած են գաղութի հայկական կառոյցներու եւ եկեղեցիներու սրահները, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կամաւորներուն եւ ընկերային-բժշկական կեդրոնին մատուցած սննդամթերքի, ուտելիքի կողովներու, հանդերձանքի, դեղորայքի, շտապ օգնութեան, նիւթական յատկացումներու եւ այլ տեսակի զանազան օժանդակութիւնները, Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ: Անդրադարձ կատարուած էր նաեւ այս ծիրին մէջ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշքարեանի այցելութիւններուն:
ՍՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան եւս լայնօրէն անդրադարձաւ ՍՕԽի տարած աշխատանքներուն երկրաշարժին յաջորդած օրերուն, ապա յետ-երկրաշարժին՝ առաւել եւս կազմակերպուած եւ ծրագրաւորուած կերպով աշխատելու գործընթացին: Ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց աշխարհասփիւռ ՀՕՄուհիներուն, որոնք ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս զօրավիգ կանգնեցան աղէտեալ գաղութի զաւակներուն:
Աւարտին ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան հանդէս եկաւ զեկոյցով մը, որուն մէջ նախ յիշեց, թէ Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը յառաջացուցած էր երկու յանձնախումբեր. առաջինը մասնագիտական երկրաչափերէ բաղկացած, որոնք այցելելով հայկական կալուածները եւ ժողովուրդի տուները՝ պատրաստած էին տեղեկագիրներ, որոնց հիման վրայ կարգ մը տուներու նորոգութիւնները կատարուած են արդէն, իսկ քանդուած բնակարաններու ընտանիքներուն առայժմ ապահովուած են այլ բնակարաններ: Իսկ երկրորդը՝ Երկրաշարժի Արտակարգ վիճակի մարմինն էր, որ զբաղած էր երկրաշարժէն տուժած ժողովուրդին կարիքները հոգալու հարցերով: Աւարտին ան իր շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքը ուղղեց յատկապէս ՀՕՄի Գանատայի կառոյցին՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան եւ օժանդակութեան համար:
Նշենք, որ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմինին օժանդակող միութիւններն էին՝ Գանատայի ՀՕՄի կառոյցը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը, Համազգայինի Գանատայի շրջանը, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը (ԳԵՄ) ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութիւնը եւ ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանը: