ՊՈԼԻՍ.- «Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպայի այս տարուան լաւագոյն թանգարաններու մրցանակաբաշխութեան՝ EMYA 2023-ի ընթացքին, Պոլսոյ «23.5. Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայր» թանգարանը արժանացաւ համարձակութեան եւ ուղղամտութեան համար շնորհուող «Քենեթ Հատսըն» մրցանակին։
Նշենք, որ Եւրոպայի թանգարաններու համախմբումին կողմէ շնորհուած մրցանակը ստանձնեց «Հրանդ Տինք» հիմնարկի ծրագրերու տնօրէնուհի Նայաթ Գարաքէօսէ։ Համապատասխան վկայականը յանձնուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։