Թաղին միւս կողմէն սքանչացումով կը հետեւէինք քու յօրինած եւ խմբավարած եղանակներուդ։ Անցած դաշնակին գլուխը, ի՜նչ ապրումով, ներշնչումով եւ անկոտրում վճռականութեամբ կը նուագէիր հայրենասիրական եւ ազգասիրական այն երգերը, նոյն ատեն ղեկավարելով երգչախումբը, որ հաւաքուած տանդ փոքր պարտէզին մէջ, ապրումով եւ խանդավառութեամբ մասնակից կը դառնար, երկիւղածութեամբ հետեւելով ձեռքի շարժումներուդ եւ դաշնակին ելեւէջներուն։ Անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ միայն դուն կրնաս անսակարկ եւ անսայթաք նուիրումով ղեկավարել այդ երգչախումբը, որովհետեւ ի ծնէ դուն այդ կոչումը ունէիր եւ հանգամանքը՝ դաշնակին գլուխը անցնելով դառնալու խմբավար-ղեկավար։ Թէեւ դաշնակէդ հնչած հայրենաշունչ մեղեդիները կ՚անհանգստացնէին դրացիներդ, բայց մենք, թաղին այս կողմը, հակառակ ոչ ձայն եւ ոչ ալ երգելու վիճակ ունենելնուս եւ ամէն մէկս հազիւ տեղ մը պատսպարուած, բայց եւ այնպէս տանդ երգչախումբին նման, երկիւղածութեամբ կը հետեւէինք քու խմբավարութեանդ։ Եւ դաշնակէդ հնչած մեղեդիները մեզի յոյս եւ յարատեւելու կամք կը ներշնչէին։
Մենք քու դաշնակովդ կը խանդավառուէինք եւ քեզմով աւելի ապահով կը զգայինք։ Օ՜, ի՜նչ քաղցր եւ յուզիչ էր հեռուէն լսել քու ղեկավարած երգչախումբին հոգեպարար եղանակները, որոնք մեզի կու տային ուժ՝ յարատեւելու եւ յոյս՝ օր մը միանալու եւ մաս կազմելու այդ նուիրական երգչախումբին։
Բայց օր մը, Դեկտեմբերի ցուրտ եւ տխուր օր մը, քու դրացիներէդ Քեմալը եւ Վլատիմիրը, որոնց երբեք հաճոյ չէին քու հայրենասիրական երգերդ եւ որոնք ատելութեամբ լեցուած էին քեզի հանդէպ, կալուածներուդ տիրանալու իրենց մարմաջին գոհացում տալու համար, յարձակեցան տանդ վրայ, քեզ մատնելով անտանելի նեղ դրութեան։ Դուն հաւանաբար կրնայիր ամէն մէկուն հետ առանձինն գլուխ ելլել, բայց երկուքը միասին, որոնք հսկայ էին եւ հուժկու՝ կարելի չէր։ Ընտրելով չարեաց փոքրագոյնը, տանդ բանալիները յաձնեցիր Վլատիմիրին, որ խոստացաւ դաշնակին վրայ գուրգուրալ՝ ինչպէս դուն։ Եւ հետդ առնելով երգչախումբէն քանի մը մեներգիչներ, միացար մեզի, օտար եւ ցուրտ ապաստաններու մէջ։
Մենք սաստիկ յուսաբեկուած էինք։ Պիտի չկարենայինք այլեւս լսել քու հայրենասիրական երգերդ դաշնակին ընկերակցութեամբ։ Թաղին միւս ծայրը ամէն մէկս սմքած էինք։ Դուն էիր մեր յոյսը եւ զայն եւս կորսնցնելու վտանգը դիմագրաւելու պարտադրանքը կը ջլատէր մեր բոլոր ուժերը, մեզ դարձնելով յուսալքուած եւ աշխարհէն անտեսուած, անշուք բազմութիւններ։
Վլատիմիրը, որ քեզի խոստացաւ հոգ տանիլ այդ սիրելի դաշնակին, նաեւ տանդ վրայ գուրգուրալ, հազիւ թէ դուն տանդ սեմէն հեռացած, պարտէզիդ մէկ մասը յանձնեց Քեմալին եւ սկսաւ դաշնակը ջարդուփշուր ընել՝ զայն անգործածելի դարձնելու միտումով: Չգոհանալով այդքանով, այն բոլոր ազգասիրական եւ հայրենատենչ յօրինումներդ, որոնց համար այնքան տքնած եւ գիշերներ լուսցուցած էիր եւ որոնք անասելի զոհողութիւններու եւ անձնուիրութեան արդիւնք էին, փճացուց, բարբարոսաբար փճացուց։ Իսկ երգչախումբիդ ետին մնացած անդամները, որոնք այդ յօրինումներդ գոց սորված էին եւ յադգնութիւնը ունեցան նոյնիսկ մեղմօրէն մրմնջել զանոնք, յօշումի ենթարկուեցան։ Իսկ մնացեալները՝ որոնք այլեւս ոչ թէ երգելու, այլ մռմռալու իսկ յանդգնութիւնը չունէին, ենթարկուեցան նուաստացումի։ Եւ քաջարի դաշնակահար, այդ սիրելի տունդ գրաւի տակ դրուելով, ստացաւ ծիծաղելի եւ խորթ յորջորջումներ։
Եւ դուն միացար մեզի։ Բայց երբեք ընրկում չունեցար։ Կը հաւատայիր, թէ ետին մնացած այդ դաշնակը անպայման օր մը պիտի վերանորգուի եւ դուն մեզ ալ առնելով հետդ, պիտի կարենանք տուն վերադառնալ։ Ու այդ հաւատքը մեզի ալ տուիր, սորվեցնելով մեզի՝ ըլլալ համբերատար, բայց երբե՛ք տեղի տուող։ Դուն մեր հոգիներուն եւ մտքերուն ազատութեան ջահակիրը դարձար, սերմանելով վճռակամութեան, յարատեւելու, պայքարելու եւ անկախութեան ու արդարութեան գաղափարը մեր մէջ։ Եւ դուն, որ երակներուդ մէջ հոսող անվհատութեան արիւնով երբեք ընկրկիլ չես ճանչնար, թաղին այս կողմը անմիջապէս գործի անցար։ Զանազան օտար տուներէ ներս երգչախումբեր կազմելով եւ այս անգամ այն փոքր աքորտեոնով, որ հետդ բերած էիր, սկսար դպրոցաշինական, եկեղեցաշինական եւ մշակութային երգեր յօրինել, անշուշտ երբեք չմոռնալով հայրենասիրականը, որ մասնագիտութիւնդ էր։ Անշուշտ այդ աքորտեոնը չէր կրնար փոխարինել այն սքանչելի դաշնակը, որ մնացած էր հոն, տանդ մէջ եւ աներեւակայելիօրէն խղճալի։ Բայց դուն նոյնիսկ այդ փոքր աքորտեոնով կրցար մեզ հրապուրել ու խանդավառել, մեզի տալով գիտակցութիւնը կորսուած տան մը եւ կամքն ու հաւատքը վերատիրանալու անոր։ Մեր միտքերուն մէջ այդ կորսուած տան գեղեցկութիւններն ու իւրայատկութիւնները ուրուագծեցիր, մեր սրտերուն մէջ անոր հասնելու եւ վերատիրանալու տենչանքը սերմանեցիր եւ այդ դաշնակը վերանորոգուած տեսնելու եւ քեզ անոր առջեւ, նախկինին պէս խմբավարի դիրքդ գրաւելու տեսիլքը մեր ամէնօրեայ երազանքը դարձուցիր։
Եւ դուն խոստացար, մեզի խոստացար անվեհեր դաշնակահար, որ օր մը, անպայման օր մը, տունը պիտի ազատագրուի եւ դաշնակը՝ վերանորոգուի, ու դուն մեզ բոլորս առնելով պիտի տանիս հո՛ն, ուր մենք կրկին պիտի կարենայինք լսել քեզ եւ քու հայրենասիրական յօրինումներդ։
Հիմա, պարոն դաշնակահար, այդ տունը ազատագրուած է եւ դաշնակը վերանորոգուած ու անոր գլուխը անցած են խմբավարներ, որոնք քու վաստակդ չունին։ Թէեւ այդ դաշնակէն հայրենասիրական երգեր կը լսուին, բայց նաեւ՝ երգեր ապականումի եւ չարաշահութեան։ Իսկ դուն տակաւին հոս եկեղեցաշինութեան երգեր կը յօրինես։ Իսկ մենք, մեր մէկ աչքը յառած վրադ, իսկ միւսը՝ մեր ազատագրուած տան եւ դաշնակին վրայ, տակաւին կը սպասենք եւ կը սպասենք։
Եւ դուն, ո՜վ դաշնակահար, ո՜վ դաշնակցութիւն, դուն որ մեր սրտերը, մտքերն ու մեր մարմնին ամէն մէկ բջիջը հայրենադարձութեան ամենանուիրական մարմաջով յագեցուցիր, հիմա, ո՛վ դաշնակցութիւն, հայրենիքը ազատ է եւ դուն դաշնակին ղեկը ձեռք չես առած։ Մոռցիր այլեւս օտար ափերու եկեղեցիներու, ակումբներու եւ հոյակապ կեդրոններու շինարարութիւնը։ Խթանէ՛ մեզ եւ մեր հոգիներուն խորը գտնուող անապական հայրենաբաղձութեան կայծերուն մոխիրը սրբելով, բոց տուր, հայրենադարձութեա՛ն բոցը, ո՛վ դաշնակցութիւն։ Տարիներով դուն տուիր մեզի այդ բոցը եւ հիմա ալ միայն դուն կրնաս այդ կայծը մեր մէջ բոցավառել եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն հոգիներուն եւ հայեացքներուն հետ, որ ուղղուած են հոն, դէպի հայրենիք, մղել նաեւ մեր քայլերը, անվերադարձ մեր քայլերը։
Եւ այն ատեն, ո՛վ դաշնակահար, ո՛վ դաշնակցութիւն, դուն կրկին պիտի կարենաս ղեկավարել այնքան փայփայած դաշնակդ, որ հոգիիդ եւ մտքիդ յղացումն էր եւ ձեռքերուդ արգասիքը։ Եւ այն ատեն, միայն այն ատեն, մենք կրկին պիտի կարենանք այդ նոյն հայրենասիրական նուիրական երգերը լսել. ճիշդ նախկինին նման։