
Մայիս 23ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց․ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութեան` մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ, ոեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։
Արդարեւ, 10 Դեկտեմբեր 1991ին համաժողովրդային քուէարկութեամբ Արցախը ինքնիշխանութեան իր հաւաքական կամքը արդէն արտայայտած է եւ ապա Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը 8 Յուլիս 1992ին վերաշեշտած է Արցախի ինքնիշխանութիւնը։
Միջազգային օրէնքին համաձայն, ժողովուրդ մը ինքնորոշման իրաւունք ունի։ Հետեւաբար, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը չի կրնար զոհը դառնալ շրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու փորձերուն։
Հարկ է ըլլալ արթուն, հեռատես ու մանաւանդ՝ միակամ։ Արցախը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս կազմելով ոչ միայն պիտի վտանգուի Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի գերիշխանութիւնը ու անվտանգութիւնը։
Մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական հանգրուանին, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբուելու եւ զօրակցելու Արցախին»։

Նոյն օրը, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի ժողով, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի առնչութեամբ կատարուած յայտարարութիւնները:
Ապա, խորհուրդը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ.
«Հայաստանի ու Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը վերջին երեք ու կէս տասնամեակների ընթացքում իրականութիւն է դարձել աշխարհասփիւռ մեր ժողովրդի հերոսական պայքարի, զոհողութիւնների ու յանձնառութիւնների շնորհիւ: Հայրենեաց պաշտպան մեր նահատակ զաւակների սխրանքն ու լուսավառ օրինակը ամուր են պահել մեր ժողովրդի ոգին` դիմակայելու ամէն նեղութեան, շարունակելու հայրենի հողի վրայ իր պատմական ներկայութիւնը:
Արցախեան 44օրեայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքները մեր հայրենիքը կանգնեցրեցին անվտանգային նոր մարտահրաւէրների, գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ, սակայն նոյնիսկ այդ բարդ իրավիճակում չնուազեց մեր ժողովրդի եւ ազգային հաստատութիւնների նախանձախնդրութիւնը` շարունակելու պաշտպանել Հայաստանի ու Արցախի արդար իրաւունքները:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մայիսի 22ի ասուլիսի ընթացքում հնչած յայտարարութիւնները բացայայտեցին հանրութեանը մատուցուող խաղաղութեան օրակարգի իրական բովանդակութիւնը, որով ակնյայտ են դառնում Արցախի յետագայ ճակատագրի եւ Հայաստանի սահմանամերձ որոշակի տարածքների առնչութեամբ ՀՀ բանակցային գործընթացում իշխանութիւնների որդեգրած վտանգաւոր ու մերժելի դիրքորոշումները:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի եւ անընդունելի է նկատում խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները: Ձեռնարկուող անհեռատես քայլերով, Արցախի Հանրապետութիւնը Ադրբեջանի կազմում ճանաչելով` Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի մեր քոյրերին ու եղբայրներին անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման առջեւ: Մեր զաւակների արեան գնով ու մաքառումով կերտուած Արցախի անկախութիւնը, Հայաստանի տարածքները ենթակայ չեն սակարկութիւնների: Հայրենիքը ամէնքինս է, եւ հայրենիքին առնչուող նման որոշումները պէտք է կայացուեն ՀՀ Սահմանադրութեան հիմնարար դրոյթներին եւ օրէնսդրութեանը համահունչ եւ ոչ` առանձին քաղաքական խմբերի ու խմբաւորումների հայեցողութեամբ:
Յորդորում ենք իշխանութիւններին` հրաժարուել պարտուողական մտայնութիւնից եւ դրանից բխող կործանարար քայլերից, համազգային մարտահրաւէրների յաղթահարման համար գտնել խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ: Մեր կոչն ենք ուղղում համայն մեր ժողովրդին, ազգային կառոյցներին օրհասական այս պահին ողջախոհութեամբ սթափ գնահատելու ստեղծուած բարդ կացութիւնը եւ աննահանջ ու միաբան մնալու մեր համազգային շահերի, Արցախի ինքնորոշման իրացուած իրաւունքի հետապնդման գործում: Այս հարցում անհրաժեշտ ենք նկատում մեր ժողովրդի վճռական կամարտայայտութիւնը:
Խաղաղութիւն մեր հայրենիքին, ապահով ու անվտանգ կեանք համայն մեր ժողովրդին ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս»: