
Միացեալ Նահանգներ դէմ չէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ՝ Խրիմին ամերիկեան զէնքի օգտագործումով հարուածներ հասցնելուն, որովհետեւ այդ տարածքը միջազգայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ Ուքրանիոյ մաս: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվըն:
«Մենք որեւէ սահմանափակում չենք կատարած, որպէսզի Ուքրանիա հարուածէ իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքները: Իսկ Խրիմը, մեր կարծիքով, Ուքրանիա է», նշեց ան:
Սալըվընի համաձայն, Ուաշինկթըն համաձայն չէ, որ ՆԱԹՕէն փոխանցուած սպառազինութիւններու օգտագործումով, ուքրանական ուժերը հարուածներ հասցնեն Ռուսիոյ տարածքներուն:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով, մեկնաբանելով Սալըվընի յայտարարութիւնը, յայտարարեց. «Խրիմը Ռուսիոյ մաս կը կազմէ»:
«Մենք պիտի գտնենք միջոց մը, որպէսզի չարտօնենք նման սպառնալիքներու իրականացումը: Ռուսիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ապահովութիւնը յուսալիօրէն պիտի ապահովուին», նշեց ան: