Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ. իբր թէ հայկական կողմը կրակոցներ արձակած է իր դիրքերուն ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ, 5 Յունիսին յայտնեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան նոյն օրուան հաղորդագրութիւնը՝ իբր թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 4 Յունիսի կէս գիշերէն ետք կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի եւ Ասկերանի շրջաններու բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, ապատեղեկատուութիւն է:
«Ադրբեջանի ՊՆն, հերթական անգամ յայտարարելով Շուշիի ուղղութեամբ իբրեւ թէ իրականացուող ինժեներական (ճարտարագիտական) աշխատանքները խափանելու մասին, կրկին խեղաթիւրում է իրականութիւնը՝ փորձելով հիմնաւորել նոյն հատուածում իր ստորաբաժանումների կողմից հրադարի խախտման այսօր արձանագրուած դէպքը: Ամէնօրեայ ապատեղեկատուութեան տարածմամբ Ադրբեջանը հերթական սադրանքի համար տեղեկատուական հող է նախապատրաստում», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: