ՐԱՖՖԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Անխառն հրճուանքի եւ բերկրանքի պահեր ապրեցաւ Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի մեծ ընտանիքը, Կիրակի, 4 Յունիսին, երբ աւարտական հանդէսը, սովորական հանդէսէ մը անդին անցնելով՝ վերածուեցաւ հայրենասիրական պոռթկումի շքեղ շքերթի մը, ուր Սփիւռքի, Արցախի եւ Հայաստանի դրօշներու ծածանումով աշակերտները տողանցեցին դէպի բեմ՝ հագած եռագոյն դրօշի գոյներով՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներ, որոնք կը խորհրդանշէին սփիւռահայութիւնը, արցախահայութիւնը եւ Հայաստանի ժողովուրդը:
Ուսուցչական կազմի բացառիկ նուիրումը զգալի էր ելոյթներուն ընթացքին, ընտրած ռազմահայրենասիրական երգերով, ասմունքներով, ազգայնաշունչ մարտապարերով եւ նոյնիսկ բարբառային փոխասացութիւններով, ծնողներու եւ ներկաներու սիրտերը նուաճելով այնքան, որ աշակերտները մշակութային լաւագոյն նմուշներ հրամցուցին որոտընդոստ ծափահարութիւններու տարափին տակ:
Ընդհանրապէս, վարժարաններու մէջ ընդունուած է այն վարկածը, թէ մանուկները ի՛նչ ալ ընեն, յայտագիրին նիւթերը ինչպիսի թերութիւններով ալ կատարեն, անոնց ներկայացուցածը անսահմանօրէն հաճելի է: Այս անգամ այդպէս չէր: Չորս-հինգ տարեկան փոքր դստրիկներէն եւ մանչուկերէն սկսեալ, մինչեւ արբունքի տարիք թեւակոխած տղաքը եւ աղջիկները՝ բոլորը իրենք զիրենք գերազանցեցին իրենց բացառիկ կատարումներով, զարմացնելով ծնողք, հիւր եւ ուսուցիչ:
Հանդէսի յաջողութեան մէջ իրենց բացառիկ ներդրումը ունէին Շաբաթօրեայ վարժարանի տասնեակ տարիներու երգի ու երաժշտութեան ուսուցչուհի Սիրվարդ Քաւուքչեան, տնօրէնի օգնական Րաֆֆի Մելքոնեան եւ պարուսոյց Զարինէ Աւանեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկան Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանի աշակերտներէն՝ Տիգրան եւ Շիրազ Մելիքեաններ, որոնք հակիրճ կերպով անդրադարձան վարժարանի ապրած հոլովոյթին, առաքելութեան եւ իրենց ապրած կենսափորձին:
Վարժարանի կրտսերագոյն աշակերտները՝ Լիզա Պաղտոյեանի եւ Սեդա Քելեշեանի աշակերտները, օժանդակութեամբ Ազատուհի Մուրատեանի, յուզումնախառն պահեր պարգեւեցին թէ՛ իրենց ծնողներուն եւ թէ բոլոր ներկաներուն, իրենց կայտառութեամբ ու անսովոր համարձակութեամբ, երբ ներկայացուցին իրենց մանկական համովիկ բանաստեղծութիւնները եւ արտասանեցին Հ. Սահեանի «Ախր ես ինչպէս վեր կենամ գնամ» բանաստեղծութիւնը եւ «Մայրենի լեզուն», «Պզտիկ Աղջիկն» ու «Պզտիկ Մանչուկը»: Անոնք երգեցին «Հայերէն Երգենք» եւ «Հայաստան» երգերը, ներկայացուցին աշխոյժ պարեր եւ երաժշտական գեղեցիկ կատարումներ:
Երբ հերթը եկաւ Սփիւռքը ներկայացնող խումբին, Մարիա Անթեքելեանի աշակերտները թովիչ ձայնով հնչեցուցին Չարենցի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ն, իսկ Հիլտա Աճիլաչօղլուի աշակերտները մեկնաբանեցին Աւ. Իսահակեանի «Հէյ Ջան Հայրենիք»ը, որուն յաջորդեց «Իմ Հայաստան Ջան» երգը՝ պարային խրոխտ դոփիւններով:
Հայրենի Արցախը ներկայացնող խումբին աշակերտները՝ ղեկավարութեամբ Հեղինէ Յակոբեանի եւ Անի Գէորգեանի, կատարեցին թատերական պատկեր մը, որ հնչեց Հայաստանի տարբեր բարբառներով եւ իւրաքանչիւր շրջանի բարբառային դիպուկ արտայայտութիւններով: Զրոյցը էապէս համեմեց մթնոլորտը եւ սրահին մէջ տարածուեցաւ ազգային պատկանելիութեան մթնոլորտ: Թատերական պատկերէն բացի, խումբ մը աշակերտներ կենսախայտ շարժումներով ցուցադրեցին Արցախէն փրցուած մեծածաւալ պատկերներ, զրոյցի բռնուեցան եւ ազգային պարերգերով ներկայացուցին Արցախին նուիրուած գեղեցիկ կենդանի պատկեր մը, Արցախի ճինկեալով հացի հիւրասիրութեամբ:
Աւագ դասարաններու աշակերտները, առաջնորդութեամբ Արթուր Կոպյակովի եւ Լուսինէ Ադամեանի, ներկայացուցին հայրենաշունչ Պ. Խաչատրեանի «Հայաստանը Իմ Անունն Է» եւ «Հայաստան» ոտանաւորները, երգեցին Շ. Պետրոսեանի «Իմ Անոյշ Հայրենիք» եւ Ի. Մուկուչեանի «Հայաստան Ջան» երգերը:
Նատիա Պարսամեանի դասարանէն Ատրիան Մինասեան վարժ հայերէնով արտասանեց Շիրազի «Իմ Սուրբ Հայրենիք» ոտանաւորը:
Վարժարանի բազմաթիւ տաղանդներէն մէկը՝ Արսէն Բալումեան, փակեց յայտագիրի գեղարուեստական բաժինը «Մայրս՝ Դու Միակն Էիր Ինչպէս Հայաստանս» երգի մենակատարութեամբ՝ արժանանալով հանդիսականներու հիացական բացագանչութիւններուն եւ ծափողջոյններուն:
Բեմ բարձրացաւ Ծովինար Ղազարեան Մելքոնեան, որ ներկայացուց իր ամփոփ «հուսկ բանք»ը եւ իր գնահատանքը ուղղեց աշակերտութեան, ծնողներուն եւ անմնացորդ նուիրումի տէր ուսուցչական կազմին՝ յայտնելով որ, առաջին անգամը չէր, որ խորապէս կը յուզուէր օտար վարժարաններ յաճախող մանուկներու եւ պատանիներու առոյգ ելոյթներուն համար, սակայն այսօր «առաջին անգամ ըլլալով յուզուած ու աչքերը տամկացած էին, ի տես աշակերտութեան հայրենասիրութեամբ տոգորուն ելոյթներուն եւ բարձրորակ կատարումներուն»: Ան յատուկ գնահատանքով դրուատեց Սիրվարդ Քաւուքչեանը, որ աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր կամաւորաբար ստանձնած է խմբավարութիւնը եւ երգի ուսուցումը, որ ինքնին մեծ մարտահրաւէր մըն է ժամանակակից անգլիախօս հայ աշակերտը ոգեւորելու առումով: Ան գնահատեց վարժարանի ծնողական մարմինը յանձինս՝ Դալար Փափազեանի, Թիլտա Մինասեանի, Սուզան Աբրահամեանի եւ Նունէ Չօրլուեանի, որոնք իրենց զաւակներուն նման, հոգատար վերաբերմունքով ամէն ամիս աշակերտները հիւրասիրած էին համեղ փիցայով:
Տնօրէնուհին բեմ հրաւիրեց Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա․ քհնյ. Տէմիրճեանը, որպէսզի վկայական յանձնէ օրուան շրջանաւարտ՝ Տիգրան Մելիքեանին, ընկերակցութեամբ՝ դասաւանդ ուսուցիչ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանի:
Նախքան իր փակման աղօթքը Շնորհք քհնյ. Տէմիրճեան գնահատեց հանդէսին մասնակցած բոլոր աշակերտները, զանոնք նկատելով Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կենարար մասնիկները: «Յաճախ կ՛ըսեն, թէ Սուրբ Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին կը հովանաւորէ ձեր դպրոցը: Այդպէս չէ՛: Դո՛ւք էք, այս եկեղեցւոյ հովանաւորները, որովհետեւ ձեր շնորհիւ, Շաբաթ օրերը, հայերէն երգելով ցնծութեամբ կը լեցուի ու կ՛իմաստաւորուի այլապէս ամայի եկեղեցւոյ շրջափակը», ըսաւ ան:
«Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հանդէսի պաշտօնական բաժինը, մինչ ծնողները հիւրասիրուեցան, երկար ատեն յամենալով սրահին մէջ, իրենց գնահատանքի եւ երախտիքի զեղուն ապրումները փոխանցելով ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան:
Ազգապահպանման ու հայապահպանման հնոցի վերածուած Ս. Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, յատկապէս անոր անխոնջ եւ նուիրեալ ատենապետ Պարգեւ Համալեանին, իր նեցուկին եւ քաջալերանքին համար:
Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին, որ իր տուած ցուցմունքներով, կազմակերպած աշխատանիստերով եւ հերթական հանդիպումներով կ՛ուղղորդէ 26 եւ աւելի Շաբաթօրեայ վարժարաններու ընդարձակ ցանցը, որոնք բոլորն ալ կը վայելեն իր հայրական հոգածութիւնը եւ հովանաւորութիւնը:
9 Սեպտեմբեր 2023ին, Ս. Պետրոս Շաբաթօրեայ վարժարանը պիտի վերսկսի իր 36րդ տարեշրջանը: Արձանագրութիւնները կը կատարուին առցանց: