Խոզնավարի մէջ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը նկատած է փամփուշտներու հետքեր, որոնք, հաւանաբար, արձակուած են Ատրպէյճանի բանակի դիրքերէն:
«Զատիկի արձակուրդի օրերուն, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը 27 պարեկութիւններ իրականացուց իր գործողութեան տարածքին՝ ներառեալ Խոզնավար, Խնածախ եւ Արաւուս գիւղերուն մէջ: Խոզնավարի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը նկատած է երկու կրակոցներու հետքերը, որոնք վնաս հասցուցած են քաղաքացիներու ենթակառուցուածքներու. (կրակոցները) հաւանաբար՝ արձակուած են Ատրպէյճանի բանակի դիրքերէն», յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը:
31 Մարտէն ի վեր, երեք անգամ, ներառեալ նախօրէին, հայկական կողմը հաղորդեց Սիւնիքի Խնածախ եւ Խոզնավար գիւղերուն ուղղութեամբ ատրպէյճանցիներուն՝ կրակ բանալուն մասին՝ Բաքուին կոչ ընելով հետաքննել այդ փաստերը եւ հանդէս գալ հրապարակային պարզաբանումներով: