Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան ժամանակ առ ժամանակ քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ, որոնց ամբողջութիւնը ազգայնամոլներու սպառնալիքներուն եւ թուրք պետութեան կողմէ պարտադրուած ցուցմունքներուն հայ հոգեւորականին պատանդ ըլլալու ապացոյցներ են։ Բնականաբար, այս յայտարարութիւնները, իրենց պարտադրուած բնոյթով, թուրք պետութեան քարոզչական ու քաղաքական ջրաղացին ջուր կը լեցնեն։
Թուրքիոյ սպառնալից ու ապաժողովրդավար ընթացքին պատանդը միայն պատրիարք հայրը չէ, այլ նաեւ թրքահայ համայնքը ամբողջութեամբ, իսկ վերջերս անոնց աւելցած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցի մեր հայրենակիցները։ Նոյնքան պատանդ են նաեւ Թուրքիոյ հրեայ, յոյն, արաբ, քիւրտ եւ ասորի փոքրամասնութիւններն ու թուրք յառաջադէմ մտաւորականութիւնը, որոնց բոլորին գլխուն կախուած է փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ոտնակոխող Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը, քրէական օրէնսգիրքին 301 յօդուածը եւ ազգայնամոլներու սպառնալիքները։
Այս բոլորին ամենավառ ապացոյցներն են Հրանդ Տինքին սպանութիւնը, Թանէր Աքչամի, Ռէճիպ Զարաքօղլուի, Օրհան Փամուքի, Հալիլ Պերքթայի, Էլիֆ Շաֆաքի, Ֆեթհիէ Չէթինի, Պասքըն Օրանի եւ դեռ շատ շատերուն դէմ շղթայազերծուած հալածանքները։ Այս սպառնալիքներէն զերծ չեն նոյնիսկ ժողովուրդի քուէներով ընտրուած եւ անձեռնմխելիութեան իրաւունք ունեցող Թուրքիոյ խորհրդարանի քիւրտ անդամները։ Պատանդ ըլլալու ապացոյց է նաեւ ADL-ին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու այն ոչ-համոզիչ հիմնաւորումը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ քսան հազարանոց համայնքի անվտանգութեան։
Ուստի, պատանդի այս բացայայտ կարգավիճակը ամբողջովին վաւերականութենէ կը զրկէ թրքական ջրաղացին ջուր թափող բոլոր տեսակի յայտարարութիւնները, որովհետեւ ակնյայտ ձեւով անոնք կը կատարուին թուրք պետութեան պարտադիր ցուցմունքներուն եւ ազգայնամոլներու սպառնալիքներուն տուրք տալով։
Այսուհանդերձ, քանի պատանդ ինկած պատրիարքը չէ ընտրած լռութիւն պահելու տարբերակը, ապա կ՚արժէ անոր յայտարարած տեսակէտներուն պատասխան տալ, երբ մանաւանդ վերջինս յայտարարութիւններէ անդին անցնելով, վեց ամիսներու ընթացքին երկրորդ այցելութիւնը կը կատարէ Միացեալ Նահանգներ, խօսելու համար ԱՄՆ Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու «աննպատակայարմարութեան» մասին։
Վերջերս «Զաման» թերթին տուած հարցազրոյցին (զոր աւելի լաւ էր մերժել) Պոլսոյ պատրիարքը բացասական վերաբերմունք կ՚արտայայտէ ԱՄՆի Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ։ Ըստ անոր, այդ բանաձեւը «կը խափանէ թուրք ժողովրդին եւ թրքահայերուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները»:
Պէտք է յիշեցնել պատրիարք հօր, եւ անոր միջոցով այդ ըսելիքը պարտադրողներուն, որ թուրք ժողովուրդին եւ թրքահայերուն միջեւ յարաբերութիւնները չխափանուելու գինը պատմական փաստերուն ուրացումը չէ, այլ էապէս այդ յարաբերութիւններու բարելաւման կը նպաստէ միայն Թուրքիոյ կողմէ իր պատմութեան մութ էջերուն հետ հաշուի նստիլը։ Այս պնդումին ամենավառ ապացոյցը գերմանացիներուն եւ հրեաներուն յարաբերութիւններու բարելաւումն է, այն բանէն վերջ որ Գերմանիա ընդունեց Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին կատարուածները։ Ոչ պատրիարքը, ոչ ալ զինք պատանդ վերցուցած թուրք կառավարութիւնը, ոչ ալ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին անվտանգութիւնը պատճառաբանող հրէական կազմակերպութիւնները կրնան համոզել, թէ գերման եւ հրեայ ժողովուրդներու, Գերմանիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները այսօր աւելի լաւ պիտի ըլլային, եթէ Գերմանիա ուրանար Ողջակիզման փաստը։
Պատրիարքը նոյն հարցազրոյցին մէջ կ՚ըսէ. «Մենք մեր թուրք բարեկամներուն հետ ամէն օր կ՚ապրինք: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ սառնութիւն պիտի մտցնէ բանաձեւը»։ Յարգելի պատրիարքին պէտք է յիշեցնել ուրեմն, որ Թուրքիոյ մէջ հայերուն հանդէպ ատելութիւնը սնունդ կ՚առնէ ոչ թէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն, այլ Թուրքիոյ անցեալի եւ ներկայի իշխանութիւններու վարած ներքին թրքացման, ազգային այլ ինքնութիւններ մերժող եւ բռնի թրքացումին տանող քաղաքականութենէն, ինչպէս նաեւ այսպէս կոչուած պատմագէտներու պատմութիւնը վերաշարադրելու, ազգայնամոլ ակունքներէ սնանող հոսանքներ խրախուսելէն։
Իսկ պատրիարք հօր այն պնդումը, թէ «հայկական սփիւռքը չի հետաքրքրեր թրքահայերուն զգացմունքները»՝ բոլորովին անհիմն է, որովհետեւ հայկական սփիւռքի մէջ ոչ մէկ քաղաքական, եկեղեցական, մշակութային կամ այլ տեսակի համախմբում, ոչ ալ նոյնիսկ անհատ կայ, որ անկարեւոր կը նկատէ թրքահայութեան խնդիրները, որովհետեւ ներկայիս, բոլոր ժամանակներէ աւելի, թրքահայութեան վիճակը համահայկական ուշադրութեան եւ մտահոգութեան առարկայ է, իսկ այդ կացութեան բարեփոխումը եւս Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումէն հրաժարելով չէ, որ կ՚իրականանայ։
Մեսրոպ պատրիարքի միւս ապշեցուցիչ խօսքը հետեւեալն է. «Մենք մեծ խնդիրներ ունինք անցեալէն եկած, սակայն Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը պէտք չէ մեղադրուի այն ժամանակ տեղի ունեցածին համար»: Իսկ երբ պատրիարքը չըսեր, թէ զո՞վ պէտք է մեղադրել, ապա պէտք է հասկնալ թէ «մոռնալ ու անցնիլ»ն է պատրիարքին մօտեցումը։ Փաստօրէն թուրք պետութիւնը հայոց պատրիարքին կը պարտադրէ աջակցիլ պատասխանատուութենէ խուսափելու իր վարած քաղաքականութեան։
Եւ ի վերջոյ, պատրիարք հօր պէտք է յիշեցնել թէ այսօրուան Թուրքիան մեղադրելու բոլոր նախադրեալները անհերքելի կը մնան. ոչ թէ որովհետեւ բարոյական, պատմական եւ իրաւական բոլոր տուեալներով ներկայ Թուրքիան իրաւական ժառանգորդն է Ցեղասպանութիւնը գործադրած պետութեան եւ տիրացած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութենէ բռնագրաւուածներուն, այլ նաեւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը շարունակելով մինչեւ այսօր կ՚իրականացնէ ազգասպանութեան ու մշակութասպանութեան յստակ ուղեգիծ։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ եւ ի պատասխան այն հարցումին թէ «ձեր կրօնական հանգամանքը բան չի՞ նշանակեր անոնց (սփիւռքահայերուն) համար», պատրիարք հայրը կը պատասխանէ. «Ըստ երեւոյթին, բան չի նշանակեր»։ Պէտք է ըսել, որ պատրիարք հօր այս տպաւորութիւնը ոչ թէ արդիւնք է այն բանին, որ հայ ժողովուրդը իր կղերականը յարգել չի գիտեր, այլ որովհետեւ թէ՛ հայը, եւ թէ օտարը գիտեն, որ այս պարագային հայ կղերականը պատանդ է Թուրքիոյ ապաժողովրդավար ճնշումներուն։
(*) «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր