ՆԱԹՕի անդամ երկիրները Երկուշաբթի օր, Եւրոպայի մէջ սկսան դաշինքին պատմութեան մէջ մեծագոյն օդային ռազմափորձերուն` «Օդային պաշտպան 23», զոր կը համակարգէ Գերմանիան:
«Ֆրանս 24»ը կը տեղեկացնէ, որ ռազմափորձերը կը կատարուին ի նշան զինուորական դաշինքի միասնութեան` ընդդէմ հաւանական սպառնալիքներու, յատկապէս Ռուսիոյ կողմէ:
Գերմանիոյ գլխաւորած «Օդային պաշտպան 23» ռազմափորձը պիտի տեւէ մինչեւ 23 Յունիս եւ պիտի ներառէ շուրջ 250 զինուորական օդանաւեր ՆԱԹՕի 25 անդամ եւ գործընկեր երկիրներէ, ներառեալ Ճափոն եւ Շուէտ, որ կը յաւակնի միանալ դաշինքին:
«Օդային պաշտպան 23»ին կը մասնակցին մօտաւորապէս 10,000 զինուորականներ։
Ռազմափորձերը նախատեսուած են յատկապէս ՆԱԹՕի տարածքին մէջ քաղաքներու, օդակայաններու կամ ծովային նաւահանգիստներու վրայ յարձակման պարագային, անօդաչու թռչող սարքերէ եւ թեւաւոր հրթիռներէ պաշտպանուելու նպատակով պատրաստուածութիւնը բարձրացնելու համար: