Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Իկոր Լեւիթինը, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը:
Կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցներու միջանցքի զարգացման, բեռնափոխադրութիւններու ծաւալներու յաւելման, Ատրպէյճանի տարածքին մէջ համապատասխան ենթակառոյցներու օգտագործման կարելիութիւններու, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս եւ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցներու միջանցքներով Ատրպէյճանի տարածքով փոխադրութիւններու վերաբերեալ:
Ըստ վերոնշեալ ծառայութեան՝ քննարկուեցան Ռուսիոյ կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ներուժը ապագային օգտագործելու կարելիութիւններու ուսումնասիրման վերաբերող հարցեր:
Կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի մէջ ժամանակակից նաւաշինութեան արդիւնաբերութեան կարելիութիւններու օգտագործման վերաբերեալ եւ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները զանազան ոլորտներու մէջ «յաջողութեամբ կը զարգանան»:
Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերու յանձնախումբի համանախագահ է: