Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ հարցերու օգնական Ալի Ասղար Խաժիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց յառաջիկայ ժամանակաշրջանին համակարգում կատարելու կարեւորութիւնը, մասնաւորաբար Ասթանայի հոլովոյթի քառակողմ ժողովներուն հարցով:
«Պէտք է կազմենք միացեալ ռազմավարութիւն մը, որ կը ճշդէ հիմերը եւ ճշգրիտ կերպով կը յստակացնէ վերնագիրները եւ նպատակները, որոնց վրայ կը կառուցուին յառաջիկայ բանակցութիւնները, ըլլա՛յ այդ սուրիական հողերէն թրքական ուժերու հեռացումին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, թէ այլ հարցերով», յայտնեց Ասատ:
Ան շեշտեց, որ պէտք է «այդ վերնագիրներուն ժամանակացոյց եւ գործադրութեան գործիքակազմ մը ճշդել` գործակցութեամբ ռուսական եւ իրանեան կողմերուն»:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկու կողմերը քննարկեցին երկու երկիրները հետաքրքրող հարցեր, ներառեալ՝ շրջանային եւ միջազգային հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային վերջին զարգացումներուն ու փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, գործակցութիւնը եւ խորհրդակցութիւնը եւ միացեալ տեսլականը:
Խաժի, իր կարգին, բանակցութիւններու նիւթ եղող տարբեր թղթածրարներու վերաբերեալ սուրիական դիրքորոշումը դրուատեց եւ իր երկրին գոհունակութիւնը յայտնեց Սուրիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, մասնաւորաբար արաբական մակարդակի վրայ զարգացումներուն առնչութեամբ: