Հայաստանի Ճատրակի դաշնակցութեան փոխնախագահ Սմբատ Լպուտեան իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 30 Յուլիսէն 24 Օգոստոս, մասնակցութեամբ 206 ճատրակի վարպետներու:
Հայաստանէն աշխարհի բաժակի տղոց մրցաշարքին մասնակցութեան իրենց տոմսերը ապահոված են՝ Էլինա Դանիէլեան, Աննա Սարգսեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Շանթ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: