Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան, պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ նպատակով դեսպանը այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ ըսաւ, որ անոր ներկայացուեցաւ Հայաստանի խիստ դժգոհութիւնը Հակարի կամուրջին մօտ ռուս խաղաղապահներուն ներգրաւածութեամբ արձանագրուած միջադէպին գծով։ «Կոչ է արուել ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը միջադէպի հանգամանքները պարզելու եւ իրավիճակը շտկելու ուղղութեամբ», նշեց ան։
«Ազատութիւն»ը փորձեց ճշդել, թէ այս հանդիպումը արդեօք նախօրօք ծրագրուա՞ծ էր, թէ դեսպանը կանչուած է նախարարութիւն՝ Լաչինի միջանցքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսին տակ, սակայն դեսպանը չպատասխանեց։
Իշխանութիւններէն օրուան աւելի կանուխ ժամերուն յայտարարեցին, որ Լաչինի միջանցքին մէջ՝ ռուս խաղաղապահներուն պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, տեղի ունեցածը շատ մեծ հարց կը նկատեն եւ անոր մասին կը խօսին ռուս պաշտօնակիցներու հետ։
Դեսպանը «Ազատութեան» որեւէ մեկնաբանութիւն չտուաւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը գնահատէ Լաչինի միջանցքին մէջ խաղաղապահներուն գործողութիւնները։