Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդին անմիջական հետեւողականութեամբ՝ հինգ յանձնառու երիտասարդ սարկաւագներ՝ իբրեւ թեմի քահանայութեան թեկնածուներ, Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ շարունակելով իրենց աստուածաբանական ուսումնակրթական ծրագիրը՝ կը պատրաստուին մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ծառայութեան:
Կարէն սարկաւագ Համամճեան երրորդ տարին է, որ իր ուսումը կը շարունակէ: Ըստ ընծայարանի ծրագրին՝ ներկայիս ան կը գտնուի Լոս Անճելըս, ուր կը գործէ LA USC County Hospital-ին մէջ: Մօտաւորապէս երկու ամիսներուն վրայ երկարող ծրագիրը ամբողջացնելէ ետք, ստանալով համապատասխան վկայագիր՝ ամբողջացուցած պիտի ըլլայ քահանայագործութեան պայմաններէն մին, զոր կը կոչենք գործնական կամ հովուական աստուածաբանութիւն: Նշեալ հիւանդանոցին մէջ Կարէն սարկաւագը զանազան հիւանդութիւններով տառապող պարագաներու հետ ըլլալով, փորձառական մեծ հանգրուան մը պիտի թեւակոխէ, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ իր կազմաւորման ու ապագայ առաքելութեան:
Կարօ դպիր Պոյաճեան կը հետեւի Ս. Ներսէս ընծայարանի ամառնային խտացեալ դասընթացքին: Ընծայարանին մէջ իր կեցութեան ժամանակաշրջանին Կարոն պիտի հետեւի մասնաւոր դասընթացքներու՝ դասախօս ունենալով փորձառու եւ մասնագէտ հոգեւորականներ: Ան ընծայարանի յառաջիկայ տարուան ուսումնակրթական ծրագիրին նոր ուսանողներէն մին է:
Արին դպիր Պարսանեան այս տարի բոլորեց Սուրբ Ներսէս ընծայարանի երկրորդ տարին: Այս ամառ, ան իր մասնակցութիւնը բերելով Ֆրեզնոյի «Հայ Ճամբար»ին՝ կ՛աւարտէ ընծայարանի դասընթացքները եւ պահանջուած արտադասարանային գործնական ծրագիրները եւ կը մեկնի Հայաստան՝ մասնակցելու FAR-ի մատուցած բարեգործական աշխատանքներուն: Հայաստան կեցութեան օրերուն ան ծառայութիւններ պիտի մատուցէ նաեւ որբանոցի մը մէջ: Վերջապէս, յիշենք, որ Արի սարկաւագը օգտակար կը հանդիսանայ Արեւմտեան թեմի գրադարանի ցուցակագրման աշխատանքներուն:
Զարեհ դպիր Միրզայեան երրորդ տարին է, որ կը հետեւի ընծայարանի դասընթացքներուն: Այս ամառ, ան ծառայական իր բաժինը պիտի բերէ թեմի «Մանուկներու Ձայն» ճամբարին, դասարանային եւ արտադասարային զանազան պաշտօններ ստանձնելով: Ան նաեւ օգտակար պիտի դառնայ Ֆրեզնոյի «Հայ Ճամբար»ին:
Գագիկ սարկաւագ Մարտիրոսեան ներկայիս կը ծառայէ Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի մասնակցի անգլերէնի մասնաւոր դասընթացքներու, տեղւոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ:
Ահաւասիկ՝ քահանայութեան հինգ երիտասարդ թեկնածուներ, որոնք, հետեւելով Ս. Ներսէս ընծայարանի Ս. Գրային, ծիսական, շարականագիտական եւ աստուածաբանական դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ իրենց ժամանակէն հիմնական բաժին մը նուիրելով հովուական-փորձառական ծրագիրներու ամբողջացման՝ կը պատրաստուին ըլլալ լիիրաւ հովիւներ, ծառայելով Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին:
Վերոյիշեալներուն կողքին, անցնող տարուան ընթացքին,Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ պաշտօնավարութեան կանչուեցան նաեւ Արթուր սրկ. Վարդանեան՝ դպրապետ Մայր տաճարի եւ Արտակ սրկ. Թադեւոսեան՝ ժամկոչ Կլենտէյլի նորակառոյց Հայց. եկեղեցւոյ։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ