Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ նշելով, որ Երեւան եւ Պաքու համաձայնութիւն գոյացուցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի քանի մը յօդուածներու շուրջ եւս:
Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու երկրորդ փուլին իբրեւ արդիւնք, ինչպէս տեղեկացուցին կողմերը` նաեւ փոխըմբռնման յառաջընթաց արձանագրուած են` նոյն ժամանակ արձանագրելով, որ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն հետագայ աշխատանք։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը. «Յունիսի 27-29ը Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ Ադրբեջանի ԱԳ նախարար Ջէյհուն Բայրամովը Վիրջինիա նահանգի Արլինգթոն քաղաքի Ջորջ Շուլցի արտաքին գործերի ազգային ուսումնական կենտրոնում անցկացրել են երկկողմ բանակցութիւններ: Վաշինգտոնում ԱԳ նախարարները հանդիպել են ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթոնի Բլինքենի եւ ԱՄՆ նախագահի` ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ջեյք Սալիվանի հետ: Նախարարներն ու նրանց թիմերը (անձնակազմերը) շարունակել են առաջընթացը «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման մասին» երկկողմ համաձայնագրի նախագծի շուրջ: Նրանք համաձայնութեան են հասել համաձայնագրի նախագծի եւս մի քանի յօդուածների շուրջ եւ գրանցել փոխըմբռնման առաջընթաց` միեւնոյն ժամանակ արձանագրելով, որ մի քանի առանցքային հարցերի շուրջ դիրքորոշումները պահանջում են հետագայ աշխատանք: Երկու նախարարներն իրենց գնահատանքն են յայտնել ամերիկեան կողմին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար եւ յայտնել բանակցութիւնները շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը»:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տալով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց. «Հարցերից մէկը վերաբերում է սահմանազատման հարցերին, որը ենթադրում է 1975 թուականի քարտէզի շուրջ յանձնառութիւնը: Միւսը` հայ-ադրբեջանական սահմանից զօրքերի յետքաշմանը: Հարցերից մէկն էլ վերաբերում է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի պատշաճ հասցէագրմանը` միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) ներքոյ»:
ԸՍՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ՝ ՈՐՔԱՆ ՄՕՏԵՆԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՐԳ ՄԸ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՅԴՔԱՆ ԿԸ ԲԱՐԴԱՆԱՆ
Ամփոփելով այդ քննարկումները, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, բայց վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք։
«Ես իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ձեռքբերման կարեւոր եւ բարդ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ լուծման համար շարք մը այլ կարեւոր հարցերու, որոնք կրնան նպաստել երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման», յայտարարեց Պլինքըն՝ առանց փակագիծերը բանալու:
Պլինքըն կարեւոր նկատեց պահպանումը բանակցութիւններու թափին, որուն կողմերը հասան հանդիպումներու ընթացքին` «ձեռք բերելու հետագայ համաձայնութիւններ զանազան կէտերու շուրջ` նպատակ ունենալով հասնիլ վերջնական եւ ընդհանուր համաձայնագիրի յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն»:
«Կը կարծեմ, որ նաեւ յստակ ըմբռնում կայ բոլոր կողմերուն մօտ, որ որքան մենք կը մօտենանք համաձայնութեան հասնելուն, որոշ պարագաներու այդքան կը բարդանայ ընթացքը, որովհետեւ ամէնէն բարդ հարցերը ձգուած են վերջաւորութեան: Բայց ես շատ շնորհակալ եմ թափանցիկութեան եւ անկեղծութեան ոգիին համար: Այդ է միակ ճամբան փոխըմբռնման եւ համաձայնութեան հասնելու համար», շեշտեց Պլինքըն:
Մինչ այդ, նախքան բանակցութիւններու եզրափակիչ նիստը Ուաշինկթըն կառուցողական նկատած էր բանակցութիւններու այս փուլը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Մենք կը կարծենք, որ բանակցութիւնները կառուցողական էին: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը առանձին հանդիպումներ կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, եւ տեղի կ՛ունենայ նաեւ համատեղ հանդիպում»։