Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն՝ Մարսէյի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Մաքրոնի կատարած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, կանչուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։
«Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանէն խնդրեցին պարզաբանումներ տալ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ հայկական լոպպիի ներկայացուցիչներուն հետ վերջերս ունեցած հանդիպման եւ մամուլին մէջ յայտնուած որոշ բառերուն վերաբերեալ, զորս ըսած էր Ֆրանսայի նախագահը:
«Դեսպանին տեղեկացուցած են, որ ֆրանսական կողմը պէտք է պարզաբանէ Մաքրոնի անունով կատարուած յայտարարութիւնները: Այսպիսով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ հայկական լոպպիի ներկայացուցիչները, լրատուամիջոցներուն մէջ Մաքրոնին յղում կատարելով՝ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ նշեցին մասնաւորապէս, որ Քիշնեւի մէջ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Ֆրանսայի նախագահը, հեռաձայնելով իրենց, ըսած է, որ աւելի աշխոյժ եղած է «Ղարաբաղի հարցին մէջ», քան Փաշինեան, եւ աւելի պիտի զօրացնէ այս աշխուժութիւնը: Իբրեւ պատասխան՝ Պուայոն ըսաւ, որ տեղեկութիւն չունի այս հարցին մասին, եւ նշուեցաւ նաեւ, որ ատրպէյճանական կողմը կը սպասէ, որ պաշտօնական Փարիզ հաստատէ կամ հերքէ Մաքրոնի անունով հնչած կարծիքները: Եթէ անոնք հաստատուին, հաւանական է, որ պաշտօնական Պաքուն դիւանագիտական մակարդակով համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ», կ՛ըսուի ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած լուրին մէջ։