ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ

Արդէն երեք տարի է ի վեր, Ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչներուն առիթ ընծայուած է հետեւելու նորարարական մեթոտաբանութեամբ՝ հայերէնը ուսուցանելու առցանց դասընթացքին: Ծրագիրի մտայղացումը, կազմակերպումը եւ գործադրութիւնը արդիւնք էին Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի գործադիր տնօրէն Մարի Կիւլիւմեանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական ծրագիրներու պատասխանատու Անի Կարմիրեանին անդուլ ջանքերուն:
Համահեղինակները միասնաբար մասնագիտական բարձր հմտութեամբ եւ կատարեալ բծախնդրութեամբ հետեւեցան այս ծրագիրին: Անոնք նորութիւններ որդեգրեցին եւ հայ ուսուցիչներու ու արեւմտահայերէնի համար հարթակ մը ստեղծեցին, որ եզակի էր եւ շատ փնտռուած Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ:
Մտայղացումը սկսած էր Արեւելեան Ամերիկայի հայոց թեմի միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններու հայ ուսուցիչները վերապատրաստելու ազնիւ գաղափարով, ապա անոր յաջողութիւնը զայն վերածեց սփիւռքահայ ուսուցիչներու համազգային, ընդարձակ եւ համարձակ հարթակի մը՝ «Ուս Հարթակ»ին, ուր, իսկապէս, Սփիւռքի բոլոր հայ ուսուցիչները, մասնագէտները, մանկավարժները եւ նուիրեալները, ուս-ուսի տուած՝ աշխատանքի լծուեցան՝ վտանգուած արեւմտահայերէնը վերակենդանացնելու եւ զայն դարձեալ արժանաւորապէս ապրեցնելով՝ փոխանցելու հնարաւորութիւններ ստեղծելու գործին:
Խնամակալ մարմինը քաջալերած էր Ազգային վարժարաններու բոլոր հայ ուսուցիչները, որպէսզի մասնակցին այս ծրագիրին: Բոլոր ուսուցիչները, որոնք հաւատացած էին այս մեթոտին, մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր, ամիսը երկու անգամ յաճախականութեամբ, միացան «Ուս Հարթակ»ին միջոցաւ յիշեալ դասընթացքին. իւրաքանչիւր նիստ առաւել քան երկու ժամ կը տեւեէր:
Անոնք այս ծրագիրին շնորհիւ ծանօթացան հետաքրքրական մեթոտաբանութեան եւ նորարարական միջոցներով զարգացուցին իրենց մասնագիտական հմտութիւնները: Այն ուսուցիչները, որոնք առանց բացակայութեան հետեւեցան այս դասընթացքին, հրաւիրուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ Ֆիլատելֆիա, որպէսզի անձամբ մէկ շաբթուան աշխատանոցներով աւարտեն այս տարուան դասընթացքը:
Խնամակալ մարմինը, եւ յատկապէս անոր ատենապեետը՝ Սարգիս Ուրֆալեան, գնահատելով Ազգային վարժարաններու մասնակցող ուսուցիչներուն հետեւողական աշխատանքը եւ հայերէնը նորարարական մեթոտներով դասաւանդելու իրենց լուրջ ջանքերը, որոշեց հովանաւորել ուսուցիչներու մասնակցութիւնը այս ծրագիրին, «Լիզա Կապուտեան» կրթական ֆոնտին միջոցաւ:
Լիզա Կապուտեան երկար տարիներ ծառայած էր ազգային կրթական ոլորտին մէջ՝ իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ, Խնամակալ մարմինի ժրաջան անդամ եւ ապա իր կեանքի վերջին հինգ տարիներուն վարած էր Խնամակալ մարմինի ատենապետի պաշտօնը: Լիզային ընտանիքը անոր յիշատակին հաստատած էր նշեալ ֆոնտը, որ վերապահուած է հայ ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքներուն, որոնց մեծագոյն ջատագովներէն էր վաղամեռիկ Լիզա Կապուտեան:
Այս առթիւ, ուսուցիչներէն Սօսի Գալանճեան, Ալինէ Քաֆաֆեան, Սօսի Մարկոսեան, Մարալ Առնէլեան, Մակի Եահնէեան, Նորա Գրաճեան, Սոնիկ Յակոբեան եւ Խնամակալ մարմինի հայերէն ծրագիրներու վարիչ տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճեան մասնակցեցան այս աշխատանոցներուն, 12էն 18 Յունիսին, Ֆիլատեֆիոյ Հորշամ շրջանին մէջ:
Սեմինարին կը մասնակցէին նաեւ Արեւելեան Ամերիկայի միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններէն ուսուցիչներ, որոնք կատարեալ ներկայութեամբ՝ հետեւած էին այս ծրագիրին: Հիմնականօրէն, ծրագիրը կը միտէր բոլոր դասաւանդման մեթոտներու կիրառման եւ գործնականացման: Ծրագիրին երեք տարիներ հետեւած էին Արեւելեան Ամերիկայի միօրեայ վարժարաններէն ուսուցիչներ, որոնցմէ ութը իրենց հետեւողականութեամբ եւ կատարեալ ներկայութեամբ կրցած էին աւարտել ծրագիրին ընթացքը եւ, հետեւաբար, անոնք ստացան ընթացքը աւարտած ըլլալու արժանաւոր վկայականները՝ ձեռամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի:
Ֆիլատելֆիոյ աշխատանոցներու ծրագիրը կը վարէին մասնագէտներ եւ արուեստագէտներ, որոնցմէ ոմանք անցնող երեք տարիներուն ընթացքին, ուսուցիչներու վերապատրաստման նորարարական առցանց ծրագիրին իրենց բաժինը բերած էին հեռակայ կերպով եւ արժանացած բոլորի գնահատանքին՝ իրենց գործնական եւ նպաստող մեթոտներով:
Օրուան ծրագիրը կը սկսէր առաւօտեան ժամը 9ին եւ կ՛երկարէր մինչեւ երեկոյեան ժամը 10ը: Ուսուցիչները աշակերտի վիճակին վերադառնալու փորձառութիւնը եւ հաճոյքը կ՛ապրէին եւ այդպիսով, իրենց իսկ մորթին վրայ կը զգային լեզուն իւրացնել տալու տարբեր փորձառութիւնները՝ տարբեր աշխատանոցներու եւ ծրագիրներու մասնակցելով եւ դասարանէ-դասարան վազվզելով: Անոնք կը սորվէին հաճոյքով, խաղով եւ փորձարկելով: Բանաստեղծութիւն, գրականութիւն, երաժշտութիւն, թատրոն, մարզանք, խոկում, գիտութիւն եւ արուեստ ընդելուզուած էին, եւ այդ իսկ պատճառով ուսուցիչները իրենց էութեան ծալքերը, արժանիքները եւ թաքուն ձիրքերը յայտնաբերելու պատեհ առիթը ունեցան մէկ շաբթուան ընթացքին:
Նորութիւններու եւ արուեստի միջոցաւ սորվիլ եւ իւրացնել գիտելիքը, լեզուն արտայայտուելու եւ առօրեան ապրելու միջոցի մը վերածել, երբեք չկաշկանդուիլ կամ չքաշուիլ սխալելէն եւ սխալ արտայայտուելէ եւ այդ միջոցին հասնիլ ճիշդին, ինքնաքուշակումով, առանց դատելու եւ քննադատելու հետեւիլ կատարուածներուն եւ հաճոյք ստանալ սորվելու ընթացքէն. այս բոլորը կը թեւածէին մթնոլորտին մէջ, այդ պատճառով ալ ուսուցիչները երկար օրուան մը հեւքէն չէին սպառեր կամ ձանձրանար, որովհետեւ իրենք իւրացնելու գործընթացին մասնակցողներն էին 10 ժամուան տեւողութեամբ եւ միայն լսողի ձանձրալի դիրքի մէջ չէին:
Շատ յաճախ, մեր աշակերտները կը գտնուին նման իրավիճակներու մէջ եւ անոնց մէջ ստեղծուած են որոշ կարծրատիպեր, որոնք լեզուն հանգիստ գործածելուն պատնէշներ կը դնեն: Երբեմն նոյնիսկ անմեղ սակայն անուշադիր կեցուածքները պատճառ դարձած են մանուկներու կտրական մերժումներուն: Այսօր, մեր աշակերտներուն մեծագոյն վախերէն կը համարուի այն միտքը, որ կրնան սխալ խօսիլ կամ ճիշդ ձեւով չարտայայտուիլ իրենց հայերէնով, առ այդ, անոնք կը խուսափին հայերէն խօսելէ:
Սեմինարին ամբողջ նպատակը եւ կեդրոնացումը կը միտէր չափահասներուն ապրեցնել եւ զգացնել պատանիներու եւ մանուկներու ապրումները, որպէսզի առաջին հերթին ուսուցիչները հաճոյք ստանային, ապա՝ կարենային անոնց հոգեվիճակը ըմբռնել ու անոր ընդմէջէն իրենց մասնագիտական հմտութեամբ լեզուն փոխանցել: Ուսուցիչները պէտք է մանկանային եւ անոնց պէս ստեղծագործ դառնալու առիթը ունենային եւ անցնող երկու տարիներուն՝ առցանց եւ յատկապէս վերջին այս մէկ շաբաթը՝ անձամբ կարգավիճակով, որ առիթ ընծայեց ներկայ ուսուցիչներուն:
Այս գեղեցիկ եւ կարեւոր փորձառութիւնը, ուսուցիչներուն իսկ վկայութեամբ, առիթ տուաւ անոնց իրենց աշակերտները եւ դասապահերը տարբեր անկիւնէ դիտելու, արժեւորելու, պատկերացնելու եւ հետեւաբար՝ հասկնալու:
Խնամակալ մարմինը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ծրագիրը կազմակերպողներուն եւ զայն յաջողութեամբ պսակողներուն: Շնորհակալութեան խօսք՝ նաեւ «Լիզա Կապուտեան» ֆոնտի հիմնադիրներուն, որոնց ազնիւ նախաձեռնութեամբ ստեղծուած կրթական այս ֆոնտը լաւագոյնս գործադրուեցաւ՝ վերապատրաստելով Ազգային վարժարաններու հայ ուսուցիչները:
Խնամակալ մարմինը մեծապէս կը գնահատէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը, որ առիթը ընծայեց մեր ուսուցիչներուն մասնակցելու նման օգտաշատ եւ հազուագիւտ ծրագիրիմը: Վստահ ենք, որ առցանց եւ մանաւանդ անձամբ փոխանցուած նորութիւնները, պիտի նպաստեն հայ ուսուցիչի մասնագիտական որակաւորման ու հայերէնը նորարարական միջոցներով փոխանցելուն:
Հայ ուսուցիչին միշտ նեցուկ կանգնելու եւ անոր զարգացման ուղին հարթելու կոչուած է Խնամակալ մարմինը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Ազգային վարժարանի կարեւորագոյն կռուանն է՝ որակեալ, այժմէական եւ նորարարական մեթոտներ որդեգրելէն չխուսափող հայ ուսուցիչը, որ քայլ կը պահէ արդի կրթական միջոցներուն հետ եւ իր լաւագոյնը կը տրամադրէ հայ աշակերտին, որպէսզի ան կարենայ լեզուն իւրացնել եւ զայն գործածել ազատօրէն, ապա, իր կարգին, փոխանցել ուրիշներու:
Մեր ուսուցիչները, յաջողութեամբ եւ նորութիւններով յագեցած՝ վերադարձան, յատկապէս աշակերտները ապրեցնելու այս նորութիւններով եւ անոնց պարգեւած գործնական յաջողութիւններով: