28 Յունիսին՝ Արցախի պաշարումին 200րդ օրը, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ անգամ մը եւս յայտարարութեամբ մը դիմեց նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով, որ Ուաշինկթըն «վճռական քայլ» մը որդեգրէ, Արցախի պաշարումին վերջ մը դնելու եւ Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան վրայ Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակումները կասեցնելու նպատակով։
Ան կը շեշտէ, թէ հակառակ միջազգային կազմակերպութեան եւ ատեաններու կոչերուն, անպատիժ մնացող Պաքուի բռնատիրական վարչակարգը կը շարունակէ ցեղային զտման իր քաղաքականութիւնը, նպատակ ունենալով հայաթափ ընել Արցախը։
Ան նաեւ ցաւ կը յայտնէ այս շաբաթ կատարուած ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումին ընթացքին սպաննուած չորս հայ զինուորներու մահուան առիթով, շեշտելով միջազգային օրէնքները խախտող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ պատժական քայլեր որդեգրելու հրամայականը, սկսելով Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւններու կասեցումով։ Ան նաեւ կը դատապարտէ Լաչինի միջանցքը նոյնիսկ Կարմիր Խաչին դիմաց փակելու՝ Պաքուի քայլերը։
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել https://asbarez.com/schiff-urges-biden-to-take-decisive-action-against-baku/ կայքէջը։