Ֆրանսայի ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած ծագումով ալճերիացի երիտասարդ Նահելի մեծ մայրը` Նատիան, «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց՝ հանդարտելու եւ անկարգութիւնը դադրեցնելու՝ աւելցնելով. «Դպրոցները մի՛ քանդէք, փոխադրակառքերը մի՛ քանդէք: Այլ մայրեր կան, որոնք այդ փոխադրակառքերը կը բարձրանան»:
Ան նախապէս յայտնած էր, որ անկարգութիւններ կատարողները 17ամեայ Նահելի մահը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործեն` նշելով, որ վստահ է, որ իր թոռնիկը սպաննած ոստիկանը պիտի պատժուի:
Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն այցելեց Լէյ-Լէ-Ռոզ` զօրակցութիւն յայտնելու քաղաքապետ Վենսան Ժանպրիւնի, որուն տունը յարձակումի ենթարկուած էր, իսկ անոր կինը փախուստի ատեն ոտքը կոտրելով՝ հիւանդանոց փոխադրուած էր: Ան ըսաւ, որ այդ յարձակումը «յատուկ կերպով ցնցիչ» էր: «Որեւէ բռնարարք անպատիժ պիտի չձգենք», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով, որ մեղաւորները «առաւելագոյն խստութեամբ» պատժուին:
Մօտաւորապէս 45,000 ոստիկաններ զօրակոչի ենթարկուած են, առաւել քան 2000 անձեր ձերբակալուած են եւ շուրջ 500 ոստիկաններ ու կիսազինուորական ոստիկաններ վիրաւորուած են: