Մոսկուայի զօրակցութեամբ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Ինալ Արծինպա այցելեց Թուրքիոյ կողմէ 1974էն ի վեր բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոս, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Արծինպա ըսաւ, թէ Աբխազիա կ՛ուսումնասիրէ Հիւսիսային Կիպրոսի հետ ներդրումային-տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Անոր ուղեկցեցաւ Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի ծերակուտական Ալեքսանտր Նեքրասով: