«Ընդհանուր առմամբ, մենք չենք աջակցիր Ռուսիոյ տարածքին վրայ յարձակումներուն», մեկնաբանելով երկուշաբթի օր Մոսկուայի վրայ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումը` յայտարարեց Սպիտակ տան բանբեր Քըրին Ժան Փիեռ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ասիկա պատերազմ մըն է, որուն ձեռնարկեց Ռուսիան: Ասիկա անոնց պատերազմն է: Եւ որեւէ պահու կրնան անոր վերջ տալ` զօրքերը Ուքրանիայէն դուրս բերելով», նկատել տուաւ Ժան Փիեռ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, իր կարգին, «սահմռկեցուցիչ» կոչեց Օտեսայի, Նիքոլայեւի եւ Ուքրանիոյ հարաւային շրջանին վրայ կատարուած ռուսական յարձակումները, որոնք անցեալ շաբթուընէ ի վեր չեն դադրիր:
«ԽՐԻՄԻ ԵՒ ՔԵՐՉԻ ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ». ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ
«Ուքրանիան պիտի շարունակէ Ռուսիոյ կողմէ բռնագրաւուած Խրիմի, ինչպէս նաեւ Ռուսիան Խրիմին հետ կապող Քերչի կամուրջին վրայ յարձակումները», յայտարարեց Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով: Ան այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Էն.»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ռեզնիքով նոյն ժամանակ խոստովանեցաւ, որ Ուքրանիոյ հակայարձակումը դանդաղ կ՛ընթանայ եւ ժամանակացոյցէն ետ կը մնայ: