Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սպիտակ տունը կը ցաւի արդարադատական բարեփոխումներու օրինագիծի որդեգրման համար եւ Իսրայէլին կոչ ուղղած է՝ ամրապնդելու միասնականութիւնը:
Սպիտակ տունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Նախագահ Պայտըն, որ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին եղած է Իսրայէլի բարեկամ, հրապարակաւ եւ դռնփակ արտայայտեց իր տեսակէտները, թէ ժողովրդավարութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ լայն միաձայնութիւն ունենան, եւ դժբախտաբար այսօր քուէարկութիւնը չնչին մեծամասնութեամբ տեղի ունեցաւ»:
«Սի.Էն.Էն.» կայանը հաղորդեց, որ Պայտըն «յուսախաբ» է Քնեսեթի կատարած քայլէն, եւ յիշեցուց Սպիտակ տան ղեկավարին` «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի սիւնակագիր Թամըս Ֆրիտմընի ճամբով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յղած նամակը:
Նոյն կայանը աւելցուց, որ Պայտըն իր նամակին մէջ զգուշացուցած է որոշումի հետեւանքներէն եւ երկկողմ յարաբերութիւններու մակարդակի նուազումէն` նշելով, որ ընդարձակ մեծամասնութեան հասնելու համար, Իսրայէլի զանազան ուժերու միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնը կը նախընտրէ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Նեթանիահու չէ ստանձնած Պայտընի նամակը, որովհետեւ սրտի գործողութենէն ետք հանգիստի մէջ էր:
Միւս կողմէ, իսրայէլացիները երէկ առաւօտեան անակնկալի մատնուեցան, երբ տեսան, որ իսրայէլեան մեծագոյն օրաթերթերը լոյս տեսած են սեւ եւ առանց որեւէ գրութեան առաջին էջով:
Օրաթերթերը այդ քայլին դիմած են՝ իբրեւ բողոք Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի կողմէ արդարադատութեան բարեփոխումներու վիճայարոյց օրինագիծի որդեգրման դէմ: