Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ Երեւանի մէջ քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
Անոնք անդրադարձան Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցերուն:
Գրիգորեան ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ անոր հետեւանքները` ընդգծելով Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հրամայականը: