Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը «Թուիթըր»ի իր պաշտօնական էջին վրայ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին։
Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներուն եւ իր դաշնակիցներուն կոչ կ՛ուղղէ՝ ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի նախագահին վրայ։
«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն իբրեւ փրկութեան օղակ ծառայած է Լեռնային Ղարաբաղի համար։ Այնուհետեւ Ատրպէյճան կտրեց կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող ուտելիքի եւ դեղամիջոցներու այս վերջին աղբիւրը։ Առաւել քան 7ը ամիս անցած է Լեռնային Ղարաբաղի ատրպեճանական շրջափակումէն եւ այժմ ժամանակն է, որ Ամերիկա եւ իր դաշնակիցները ճնշում գործադրեն Ալիեւի վրայ», գրած է յանձնխումբը՝ աւելցնելով, որ մեծաթիւ մարդկային կեանքեր վտանգուած են։
Մինչեւ 15 Յունիս, միջանցքէն սահմանափակ քանակով մատակարարումներ կը կատարուէին ռուս խաղաղապահ զօրակազմին միջնորդութեամբ, սակայն 15 Յունիսիէն ետք, Ատրպէյճան միջանցքը բոլորովին փակած է, որուն պատճառով Արցախ զրկուած է մարդասիրական մատակարարումներէն, հոն կայ ուտելիքի, առաջին անհրաժեշտութիւն ներկայացնող ապրանքներու եւ դեղորայքի պակաս։ Ատրպէյճան՝ Արցախի բնակչութիւնը զրկած է նաեւ կազէ եւ ելեկտրականութենէ։ Հայաստանի եւ Արցախի ղեկավարութիւնները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ բազմիցս ահազանգած են, որ Ատրպէյճան ցեղային զտման քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախի մէջ։